Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեհրապի Մէջ. «Կը Մաղթենք, Որ Կառավարութիւնը Շուտով Կազմուի` Պետական Հաստատութիւններուն Աշխատանքը Կանոնաւորելու Համար» Շեշտեց Էմանուէլ Պոն

Դեկտեմբեր 9, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

geagea-bon_120816

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ներկայութեամբ` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ տեղեկատուական հարցերու պատասխանատուներ Փիեռ Ապու Ասիի եւ Շարլ Ժապպուրի:

Հանդիպումին ընթացքին ներկաները քննարկեցին սուրիական իրադարձութիւնները` յոյս յայտնելով, որ Հալէպի շրջափակումը աւարտի եւ Սուրիոյ տագնապին լուծման գծով քաղաքական յստակ որոշումներ տրուին:

Անդրադառնալով Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան` Պոն ողջունեց նախագահական աթոռի թափուր դրութեան վերջ մը դնելու եւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու քայլը` նկատել տալով, որ Ֆրանսա կը մաղթէ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը շուտով կազմուի` պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը կանոնաւորելու եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով:

Այս շրջագիծին մէջ Ժահժահ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ամէն ջանք ի գործ կը դնէ գործադրելու համար երկրին սահմանադրութիւնը եւ կատարեալ յանձնառութիւն կը ցուցաբերէ, որ երկրին պետական հաստատութիւնները իրենց առաքելութիւնն ու դերակատարութիւն կատարեն:

Ժահժահ յայտնեց, որ նախագահ Աունի խօսքերը պետական այրի խօսքեր են, եւ ան Լիբանանը առաջնորդած է դէպի նոր փուլ: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի հանդէպ կատարուելիք տնտեսական որեւէ զօրակցութիւն ողջունելի է, ընդգծելով, որ երկրին մէջ բոյն դրած փտածութեան դէմ պայքարը առաջնահերթութիւն է` հաստատութիւններուն վերադարձնել կարենալու համար անոնց աշխուժութիւնը, կազմակերպուածութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը:

ՊՈՆ այցելեց նաեւ Պքերքէ, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

 

 

Նախորդը

Պեքաասաֆրինի Մէջ. Զօր. Քահուաժի Կոչ Ուղղեց Շարունակելու Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմը

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Կը Շարունակէ Կառավարութեան Կազմութեան Ճիգերը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?