Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեզի Համար Հըզպալլա Անշեղ Սկզբունք Է, Իսկ Շիի-Քրիստոնեայ Տարակարծութիւն Երբեք Պիտի Չարձանագրուի» Շեշտեց Պասիլ

Դեկտեմբեր 7, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

basil_120616

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի:

Նիստէն ետք Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանանը իւրայատուկ երկիր մը դարձնողը ինքնաճանաչումն ու ուրիշը ընդունելու եւ զայն յարգելու արժանիքն է, ինչ որ կը մղէ անձը` համաձայնելու ուրիշին հետ:

«Այս է Լիբանանի էութիւնը, ինչպէս նաեւ այլոց իւրայատկութիւնները ճանչնալու եւ անոնց համաձայն գտնուելու իրականութիւնը», ըսաւ ան:

Պասիլ նշեց, որ այս պարագային անձը Ազգային ազատ հոսանքն ու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումն է, որ ծանօթ է իր պատմութեամբ, անցեալով եւ ապագայով, եւ ոչ ոք կրնայ անոր ինքնութիւնը ջնջել յօդուածով, լուրով կամ զրպարտութեամբ:

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին անդրադառնալով, Պասիլ նշեց, որ խորհրդակցութիւնները կը գերազանցեն նախարարութիւններն ու նախարարները: «Մենք կը գտնուինք քաղաքական նոր իրականութեան մը դիմաց եւ այդ իրականութիւնը շատերու համար տակաւին ընդունելի չէ: Մենք կը մերժենք ուրիշը ջնջելու կամ լուսանցքայնացնելու սկզբունքը եւ մենք այսօր կանք, որովհետեւ այդ համոզումներուն զոհը եղած ենք», ըսաւ ան:

Պասիլ նշեց, որ իրենք կը փափաքին կառավարութեան մէջ ներկայացնել լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը, որոնց շարքին նաեւ Մարատա հոսանքը, Փաղանգաւոր եւ Ղովմի կուսակցութիւնները, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն անդամ սիւննի համայնքի ներկայացուցիչները, եւ 24 անդամներէ բաղկացող կառավարութիւնը բոլորին համար բաւարար է եւ պէտք է ընդգրկէ բոլոր կողմերը, որովհետեւ կը գտնուինք երեսփոխանական ընտրութիւններու փուլի սեմին:

«Նոր իշխանութիւնը կը սկսի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք», յայտնեց Պասիլ:

Ան շեշտեց, որ իրենց համար Հըզպալլա անշեղ սկզբունք է եւ հիմք, որուն հաւատարմութեան, անկեղծութեան, յանձնառութեան, զոհողութիւններուն եւ ճիգերուն իբրեւ արդիւնք մենք կը գտնուինք իշխանութեան վրայ: «Իսկ շիի-քրիստոնեայ տարակարծութիւն երբեք պիտի չարձանագրուի: Այս օրերուն Հըզպալլայի հետ մեր դաշինքը շատ աւելի անխախտ է, իսկ յարաբերութիւնները ամուր են աւելի քան երբեք», հաստատեց ան:

Պասիլ աւելցուց, որ Լիբանանեան ուժերուն հետ իրենց ստորագրած համաձայնութիւնը նաեւ կայուն է, շեշտելով, որ անիկա միայն երկուքին չի վերաբերիր, այլ քրիստոնեայ բոլոր կողմերուն, իսկ անոր փաստը այն է, որ կը պարփակէ կէտ մը, որուն մէջ կը պահանջուի համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնք մը, որուն հիման վրայ բոլոր կողմերը ներկայացուին խորհրդարանին մէջ:

Ան աւելցուց նաեւ, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ իրենց համաձայնութիւնը կեդրոնացած է իշխանութեան մէջ գործակցութեան սկզբունքին վրայ, հիմնուելով Ազգային ուխտին եւ Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան վրայ:

«Մենք կառչած կը մնանք Մուսթաքպալի հետ մեր համաձայնութեան եւ սիւննի համայնքին հետ բախումի երթալու հաւանականութիւնը բացառուած կը նկատենք», շեշտեց ան:

Պասիլ շեշտեց, որ քաղաքական մօտեցումներով իրենք ամէնէն աւելի մօտ են Ամալ շարժումին հետ, յոյս յայտնելով, որ նոր իշխանութեան ընթացքը հեզասահ կ՛ըլլայ:

«Կառավարութիւնը պիտի կազմուի եւ զայն ուշացնողը ինքզինքին վնասած կ՛ըլլայ եւ ոչ թէ իշխանութեան: Կառավարութեան կազմութեան ժամկէտը յստակ է, անոր արդիւնքը ծանօթ է եւ փոփոխութիւնները առկայ են ե՛ւ կառավարութեան կազմին ե՛ւ ընտրութիւններուն առումով», ըսաւ ան:

Պասիլ ընդգծեց, որ համախմբումը կը հաւատայ իսկական փոփոխութեան, որուն լոյսին տակ ան կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուզէ անջատել ընտրական օրէնքէն:

«Կառավարութիւնը պիտի կազմուի նախքան ընտրական օրէնքը եւ ոչինչ կ՛արգիլէ, որ աւելի ուշ քաղաքական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները շարունակուին` ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու նպատակով: Մենք կը մերժենք 1960-ի ընտրական օրէնքը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նստաշրջանի երկարաձգումը, հետեւաբար կը յուսանք վաւերացնել համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական նոր օրէնք մը, մաղթելով, որ ան ըլլայ ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրէնքը: Սակայն եթէ կայ այլ օրէնք մը, որ արդար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ, ապա անիկա կ՛արտօնէ մեզի` յանգելու ընտրական նոր օրէնքի», շեշտեց Պասիլ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Ուշացումը Զիս Չի Մտահոգեր Եւ Կը Յուսամ, Որ Անոր Ծնունդը Մօտիկ Ապագային Յայտարարուի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?