Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զբօսաշրջութիւնը Զարգացնելու Համար Պէտք Է Օգտուիլ Երկրին Ապահովական Կայունութենէն» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

Յունուար 9, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

avedis_guidanianԶբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան անցեալ շաբաթավերջին դարձաւ «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուող «Պալա թուլ սիրէ» յայտագիրի հեղինակ Զաւէն Գույումճեանի հիւրը:

Ա. Կիտանեան շեշտեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ շաբաթասկիզբին Սէուտական Արաբիա կատարուելիք այցելութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ դրուատեց այդ այցելութեան նկատմամբ տիրող դրական մթնոլորտը:

Կիտանեան յոյս յայտնեց, որ այդ այցելութեամբ կարելի ըլլայ փարատել Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ լարուածութիւնը եւ ստեղծուի առիթ մը, որպէսզի Ծոցի երկիրներու բնակիչները վերսկսին այցելել Լիբանան` զբօսաշրջութեան նպատակով:

Ան նշեց, որ ինք արդէն իսկ կը ծրագրէ երկրորդ հանգրուանին` ուսումնասիրելու ամրան ընթացքին Ծոցի երկիրներու բնակիչներուն կողմէ Լիբանան կատարելիք զբօսաշրջութեան կարելիութիւնները:

«Զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու համար պէտք է օգտուիլ երկրին ապահովական կայունութենէն», ըսաւ ան:

Լիբանանի կառավարութեան մէջ ՀՅԴ-ի ներկայացուցչութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Կիտանեան ըսաւ, որ իր նշանակումը մեծ անակնկալ մըն էր` նկատի ունենալով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը մետասաներորդ պահուն կը բացայայտէ իր նախարարին ինքնութիւնը: «Կառավարութեան մէջ ՀՅԴ-ի ներկայութիւնը կարեւոր է այն առումով, որ նախարարաց խորհուրդի հիմնական պարտականութիւնն է ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը` հանրապետութեան նախագահին ընտրութեամբ սկսած նոր իշխանութեան ընթացքին», ըսաւ ան:

Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի համար ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը առաջնահերթութիւն մը չէր` աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը բոլոր դիւրութիւնները մատուցեց` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ընթացքին:

ՀՅԴ-ի զօրակցութիւնը վայելող ընտրական օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Կիտանեան ըսաւ. «ՀՅԴ կը մերժէ 1960-ի ընտրական օրէնքը եւ կը փափաքի աւելի արդի ընտրական օրէնք մը մշակել»:

Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ անկարելի է հարիւր առ հարիւր համամասնական ընտրական օրէնք մը մշակել, ինչպէս որ է պարագան ոչ համայնքային երկիրներու պարագային: «ՀՅ Դաշնակցութեան համար կարեւորը այն է, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակուի, եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարուին: Անշուշտ քանի մը ամսուան թեքնիք յետաձգումի պարագային հարց չունինք: Կարեւորը կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը եւ երկրին իշխող քաղաքական նոր ներկայացուցիչներու ընտրութիւնը», աւելցուց զբօսաշրջութեան նախարարը:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ ինք կը ջանայ իր դրոշմը ձգել թէ՛ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ թէ՛ քաղաքական գործունէութեան վրայ, ինչպէս նաեւ կառավարութեան տալիք կարեւոր որոշումներով մեղմացնել լիբանանցիներուն ծանր բեռը:

Ան դիտել տուաւ, որ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող միջազգային փառատօներուն շարքին կրնայ միանալ Պուրճ Համուտը, հակառակ շրջանին մէջ հնութիւններու չգոյութեան:

«Պուրճ Համուտը ունի իր իւրայատուկ ներկայութիւնը, եւ հոն շօշափելի են զարգացումի ու բարգաւաճման փաստերը` քաղաքապետական ընտրութիւններէն ետք», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Պաշտօնական Այցելութեամբ Կը Մեկնի Սէուտական Արաբիա

Յաջորդը

Նախագահ Աուն, Միւֆթի Հասան Եւ Քանաան Կը Շնորհաւորեն Լիբանանահայութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան

Սեպտեմբեր 18, 2025
Ակնարկ.   Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն`  Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն` Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ

Սեպտեմբեր 18, 2025
Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?