Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Շորթըր յայտնեց, որ Հարիրիի հետ հանդիպումը շատ լաւ էր` աւելցնելով, որ ինք շնորհաւորած է Հարիրին` վարչապետի պաշտօնին եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կառավարութիւնը կազմելուն առիթով:
Շորթըր նշեց նաեւ, որ ինք Բրիտանիոյ կառավարութեան լաւագոյն մաղթանքները փոխանցած է Լիբանանի կառավարութեան:
Շորթըր ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան կողմէ արդէն իսկ վաւերացուած տնտեսական ծրագիրները` աւելցնելով, որ Բրիտանիա կը փափաքի աւելի աշխուժ գործակցութիւն ունենալ նախարարաց խորհուրդին եւ վարչապետ Հարիրիի հետ` դիմագրաւելու համար Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրները:
Շորթըր ընդգծեց երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով այդ ընտրութիւններուն թափանցիկութիւնը եւ արդիականութիւնը ապահովելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ հզօրացնել Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը:
«Բրիտանիա ամէն իմաստով պիտի զօրակցի Լիբանանի ապահովութեան ամրապնդման, բարգաւաճումին եւ երկրին կայունութեան», ըսաւ Հարիրի: