Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 10, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին ստորագրեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն, խորհրդարանի արտակարգ նիստերու շրջան մը կը սկսի 9 յունուարին եւ կ՛աւարտի 20 մարտին` քննարկելու համար պետական ամավարկն ու խորհրդարան ներկայացուած ու ներկայացուելիք օրինագիծերը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Արսալի Ուատի Աթա շրջանին մէջ ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի անդամներէն Ժիհատ Նուհը, որ ծանօթ է Ապու Պարա կեղծանունով:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ մատուցուած պատարագին ընթացքին արտասանեց քարոզ մը` հաստատելով, որ իրենք նոր իշխանութենէն կ՛ակնկալեն թափանցիկութիւն, անկողմնակալ գործունէութիւն եւ ընկերային արդարութեան հաստատում:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ Սէուտական Արաբիա կատարուելիք այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին կարեւոր հարցեր, որոնց շարքին` լիբանանեան բանակին տրամադրուած Ռիատի նուիրատուութիւնը: Ան աւելցուց, որ լիբանանեան պատուիրակութեան կազմին մէջ Քաթար կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին պիտի արծարծէ Սուրիոյ մէջ անյայտ կորսուած լիբանանցի լրագրող Սամիր Քասսապի հարցը:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց երեսփոխանական ընտրութիւնները համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքով կատարելու կարեւորութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան թեքնիք երկարաձգումը հաւանական է` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը կարելի է ապահովել միայն համամասնական ընտրական օրէնքին ընդմէջէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Օքապ Սաքըր յայտնեց, որ իբրեւ ընտրական օրէնք պիտի որդեգրուի համամասնական եւ մեծամասնական օրէնքներէն բաղկացած խառն ընտրական օրէնքը` զայն կարգ մը բարեփոխումներու ենթարկելէ ետք:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս կոչ ուղղեց վաւերացնելու արդի ընտրական օրէնք մը, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան կարողութիւններուն համաձայն կատարուելիք  աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը առաջնահերթութիւն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ լուրջ երկխօսութիւն մը սկսելու տուեալներ գոյութիւն չունին: Ան աւելցուց, որ ինք չի մերժեր լիբանանեան բանակին մատուցուելիք իրանեան զինուորական որեւէ օժանդակութիւն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ լիբանանեան ջուրերէն քարիւղի արտահանումը անկիւնադարձային պիտի ըլլայ` Լիբանանի մէջ տիրող անգործութեան հարցը լուծելու իմաստով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը անարդար է, որովհետեւ անիկա կրնայ քաղաքական կողմի մը ամբողջական յաջողութիւնը ապահովել, իսկ ուրիշ կողմի մը` ամբողջական պարտութիւնը: «Ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը կարելի է ապահովել միայն համամասնական ընտրական օրէնքով», ըսաւ Քպայսի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Ծոցի երկիրներ կատարած այցելութիւնը Լիբանանը կը վերադարձնէ արաբական աշխարհին սիրտը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ կառավարութեան պարտականութիւնն է պետական հաստատութիւններուն մէջ տիրող պետական պաշտօնեաներու թափուր դրութեան վերջ տալ` կատարելով նշանակումներ:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը պիտի արծարծէ քաթարցի պատասխանատուներուն հետ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Սէուտական Արաբիա կատարելիք այցելութիւնը լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւններուն առումով նոր էջ մը պիտի բանայ:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ յայտնեց, որ իբրեւ կենսոլորտի նախարար իր պարտականութիւնն է ստանձնել աղբի թղթածրարին պատասխանատուութիւնը:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յանձնառու է Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնումին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալպեր Մանսուր յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ Ծոցի երկիրներ կատարուած այցելութիւնը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ հոն աշխատող լիբանանցիներուն վրայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերու շահերուն կը համապատասխանեն 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի կարեւոր նկատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ Սէուտական Արաբիա կատարելիք այցելութիւնը բարելաւէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ առանց հզօր քրիստոնեային եւ հզօր իսլամին Լիբանան գոյութիւն չի կրնար ունենալ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժեմայէլ անձնապէս կը հսկէ Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան թղթածրարին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են ահաբեկիչներ, որոնք խոստովանած են, թէ կը միտէին Հարաւային արուարձաններուն մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Սկսաւ Քննարկել Էրտողանի Լիազօրութիւնները Ընդլայնող Սահմանադրական Բարեփոխումները

Յաջորդը

Լիբանանը Հարուածող Ձիւնամրրիկը Կը Շարունակուի, Իսկ 700 Մեթր Եւ Աւելի Բարձրութեան Վրայ Գտնուող Դպրոցները Փակ Կը Մնան

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?