Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին ընտրութիւնը վերջ տուած է Ա. իշխանութեան չգոյութեան երեւոյթին եւ ամրապնդած երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ Լիբանանի սահմանադրական հաստատութիւններուն ու ապահովութեան ամբողջական իրավիճակը կարեւոր են եւ անհրաժեշտ` աւելցնելով, որ այս տարուան ընթացքին վարչական եւ ապահովական առումով Լիբանան շատ աւելի մեծ նուաճումներ պիտի արձանագրէ, յատկապէս հաւատադրժողական ահաբեկչութեան եւ իսրայէլեան վտանգին դիմադրելու առումով:
Ապպաս Իպրահիմ ընդգծեց, որ ահաբեկչութիւնը հետզհետէ կ՛անհետանայ` նկատի ունենալով, որ աշխարհը սկսած է գիտակցիլ իր ընկերութիւններուն վրայ անոր ունեցած վտանգներուն:
Ան նշեց, որ ոչ մէկ երկրի քարտէս փոփոխութեան պիտի ենթարկուի` աւելցնելով, թէ երկիրներուն սահմանները պիտի մնան նոյնը:
Անդրադառնալով ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին` Ապպաս յայտնեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը կ՛աշխատին երկու միջնորդներու հետ, որոնցմէ առաջինը Արսալի մէջ է, իսկ երկրորդը` Ռաքքայի:
«Մենք կ՛ուզենք բանակայիններուն ճակատագիրը իմանալ, որպէսզի այս թղթածրարը հասնի իր բարի աւարտին», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթին տեղեկութիւններուն համաձայն, Ապպաս Իպրահիմի ջանքերով եւ ներկայութեամբ Պուսթրոս պալատին մէջ տեղի ունեցած է հաշտութեան հանդիպում մը` արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի միջեւ: