Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ Ֆաթհի զինուորական թեւի պատասխանատու Մահմուտ Իսա (ծանօթ` «Լինօ» ծածկանունով) յայտնեց, որ Այն Հելուէի մէջ արձանագրուող ապահովական դէպքերը մաս կը կազմեն պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձը հարուածել միտող կասկածելի ծրագիրի մը:
Ան նշեց, որ Այն Հելուէի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումները սարսափի կը մատնեն գաղթականները, ինչպէս նաեւ պատճառ կը դառնան անոնց տնտեսական եւ ընկերային կացութեան վատթարացման:
Այս շրջագիծին մէջ, Լինօ Սայտայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Դիմադրութեան հոգեւորականներու համաշխարհային համադաշնակցութեան նախագահ շէյխ Մահեր Համմուտի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Այն Հելուէ գաղթակայանի ապահովական կարեւորութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ ապահովական դէպքերը հակակշռելու կարելիութիւնները: