Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ. Ալաէտտին Պորուժերտի Կը Հաստատէ Լիբանանեան Բանակը Զինելու Իրանի Պատրաստակամութիւնը

Յունուար 9, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

boroujerdi_moughnie_1817

Իրանեան խորհրդարանի արտաքին քաղաքականութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահ Ալաէտտին Պորուժերտի 6 յունուարին պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր ընդունուեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ:

Պորուժերտի իր այցելութիւնը սկսաւ այցելելով Դիմադրութեան նահատակուած զինուորական պատասխանատուներէն Իմատ Մուղնիէի դամբարանը, ուրկէ ան հաստատեց լիբանանեան բանակը զինելու Իրանի պատրաստակամութիւնը:

«Լիբանանեան բանակը զինելու Իրանի նպատակը յստակ է, եւ այս իմաստով Թեհրան կը գտնուի Լիբանանի կառավարութեան տրամադրութեան տակ, եթէ վերջինս կը փափաքի անսալ այդ առաջարկին», ըսաւ Պորուժերտի:

Ան նշեց, որ հակառակ շրջանին դիմագրաւած ապահովական ապակայուն իրավիճակին, Լիբանան ապահովական կայունութիւն կը վայելէ` աւելցնելով, որ այդ ապահովութիւնը Դիմադրութեան քաջերուն շնորհիւ հաստատուած է:

Պորուժերտի շեշտեց, որ Իրան մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն: Ան շնորհաւորեց լիբանանեան քաղաքական ուժերը, որոնք կրցան զօր. Միշել Աունը ընտրել հանրապետութեան նախագահ` աւելցնելով, թէ Թեհրան կ՛ակնկալէ, որ Լիբանանի նոր իշխանութեան օրով երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւուին, յատկապէս տնտեսական եւ առեւտրական մարզերուն պարագային:

Պաապտայի Մէջ

aoun_iranian_delegation_1817

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Պորուժերտին եւ անոր ընկերակցող իրանեան պատուիրակութիւնը` մաղթելով, որ Սուրիոյ տագնապին համար կարելի կ՛ըլլայ քաղաքական լուծում ապահովել, որպէսզի ձեւեր գտնուի նաեւ լուծելու սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը, որուն հետեւանքները ծանր կը կշռեն Լիբանանի ապահովական եւ տնտեսական կացութեան վրայ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ ահաբեկչութեան դէմ միացեալ պայքարի անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ իր ողջոյնները փոխանցեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի:

Իր կարգին, Պորուժերտի նախագահ Աունի փոխանցեց Ռուհանիի եւ խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի ողջոյնները` ընդգծելով երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Պորուժերտի հաստատեց, որ լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութիւնը կ՛ամրապնդէ երկրին համախոհութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը:

Վարչապետ Հարիրիի Հետ

hariri_boroujerdi_1817

Պորուժերտի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները:

Տեսակցութենէն ետք իրանցի պատասխանատուն շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ ապահովութեան վերահաստատումը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի, Իրանի եւ շրջանի երկիրներուն ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու առումով:

Պըրրիի Մօտ

Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Պորուժերտին, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Պըրրիի հետ քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս` երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:

Պորուժերտի նշեց, որ Պըրրիի հետ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն` ընդգծելով, որ երկիրներուն ապահովական կայունութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով Իրան եւ Լիբանան համակարծիք են:

Պորուժերտի ընդգծեց, որ Թեհրան կառչած կը մնայ այն համոզումին, որ Սուրիոյ տագնապին պէտք է քաղաքական լուծում մը գտնել` միջսուրիական երկխօսութեան ընդմէջէն:

Պորուժերտի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ: Քննարկուեցան շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները:

Նշենք, որ Պորուժերտիի կատարած բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին անոր ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի:

Աւարտելէ ետք Լիբանան կատարած իր միօրեայ այցելութիւնը, Պորուժերտի երեկոյեան վերադարձաւ Թեհրան:

 

 

Նախորդը

Հիլարիոն Արք. Քապուժիի Դիակը Փոխադրուեցաւ Պէյրութ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Պաշտօնական Այցելութեամբ Կը Մեկնի Սէուտական Արաբիա

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?