
Պէյրութի միջազգային օդակայանին օդերեւութաբանական գրասենեակին համաձայն, Լիբանանը հարուածող «Ռենտ» ձիւնամրրիկը պիտի շարունակուի նոյն ուժգնութեամբ:
Այսօր Լիբանանի մէջ սաստիկ ցուրտ պիտի տիրէ, առանց սակայն անձրեւներու եւ տեղատարափի, իսկ չորեքշաբթի օր ցուրտը նոյն ընթացքով պիտի շարունակուի` կարգ մը շրջաններու մէջ անձրեւներու հաւանականութեամբ:
Տահր Պայտարի, Հարաժելի եւ Շեպաայի մէջ կարգ մը քաղաքացիներու ինքնաշարժները մխրճուեցան ձիւնին մէջ, եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ հասնիլ քաղաքացիներուն օժանդակութեան:
Տըննիէ, Աքքար, Հատաս-Պաալպեք, Արզ-Այնաթա, Քֆարզըպիան, Սաննին, Թարշիշ-Զահլէ, Շեպաա եւ այլ շրջաններու մէջ տեղացած առատ ձիւնին պատճառով բոլոր ճամբաները փակուեցան, իսկ խիտ մառախուղին պատճառով հանրօգուտ շինութեանց անձնակազմերը չկրցան ձիւնածածկ ճամբաները մաքրել եւ քաղաքացիներուն երթեւեկը ապահովել:
Նկատի ունենալով ցուրտն ու կլիմայական աննպաստ պայմանները, կրթութեան նախարար Մարուան Համատէ յայտնեց, որ 700 մեթր եւ աւելի բարձրութեան վրայ գտնուող բոլոր դպրոցները այսօր փակ պիտի մնան:


