Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Համամասնական Դրութեամբ Եւ Խառն Ընտրական Օրէնքները Յարմարագոյն Օրէնքներն Են, Սակայն Կարեւորագոյնը Ընտրաշրջաններու Բաժանումն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յունուար 6, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hagop_pakradouni_1517

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի դարձաւ «Վանայ Ձայն»-ի «Քըլ եաում պեաումու» յայտագիրի 2017-ի առաջին հիւրը:

Հարցազրոյցը սկսաւ Պոլսոյ ահաբեկչական յարձակումի լիբանանցի զոհերուն մասին հարցումով, որուն պատասխանելով Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ դժբախտաբար շուրջ կէս դարէ ի վեր տօնական օրերը համակուած կ՛ըլլան տխրութեամբ եւ վիշտով, որովհետեւ անպայման երիտասարդներ կը զոհուին` կոյր փամփուշտներու, արկածներու եւ այլ պատճառներով: «Սակայն ի վերջոյ կեանքը կը շարունակուի, եւ մենք Լիբանանի մէջ կեանքին կառչած կը մնանք, որովհետեւ շատ յոգնեցանք, շատ մահացանք, շատ զոհուեցանք եւ շատ նահատակուեցանք: Այս առիթով մենք կը խոնարհինք Պոլսոյ մէջ զոհուած լիբանանցիներու յիշատակին: Անոնք Պոլիս մեկնած էին Նոր տարին տօնակատարելու. երանի չերթային», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի վերյիշեց իր յօդուածներէն մէկը, որուն մէջ ան հարց տուած էր, թէ ինչպէ՞ս կարելի է լիբանանցի քաղաքացիներէն պահանջել, որ լիբանանցի բժիշկներու դիմեն եւ լիբանանեան հիւանդանոցներու մէջ բուժուին, երբ լիբանանցի ղեկավարներ Փարիզ, Լոնտոն եւ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուղղուին` բուժման նպատակով:

«Ինչպէ՞ս կրնանք լիբանանցի քաղաքացիէն պահանջել իր ընտանիքին եւ հարազատներուն հետ անցընել տօնական օրերը, երբ կան լիբանանցի ղեկավարներ, որոնք Լիբանանէն դուրս կը տօնեն Նոր տարին: Ինչպէ՞ս կրնանք լիբանանցի քաղաքացիէն պահանջել, որ իր զաւակներուն հարսանիքը Լիբանանի մէջ կազմակերպէ, երբ կան լիբանանցի ղեկավարներ, նախարարներ եւ իշխանութեան պետեր, որոնք միլիոններ կը մսխեն իրենց զաւակներուն հարսանիքները կազմակերպելու համար Կիպրոսի, Թուրքիոյ, Թունուզի, Մարոքի եւ այլ երկիրներու մէջ», հարց տուաւ ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ լիբանանցի երիտասարդներուն սպանութեան իրականութիւնը ցաւալի է, որովհետեւ անոնք բնաւ չէին մտածած, որ կրնան ահաբեկչութեան զոհերը դառնալ, «եւ հաւանաբար ահաբեկչութեան զոհերը դառնալնուն պատճառով է, որ զանոնք նահատակ կը նկատենք», աւելցուց ան:

Անդրադառնալով այս դէպքին մասին լիբանանեան լսատեսողական լրատուամիջոցներուն կատարած տեղեկատուական աշխատանքին` Յ. Բագրատունի խստիւ դատապարտեց այդ լրատուամիջոցներուն գործելակերպը` զոհերուն ընտանեկան պարագաներուն ցաւն ու կսկիծը ուղղակիօրէն սփռելու եւ հաղորդելու իմաստով:

Ան շեշտեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի կատարած դիտողութիւններուն արդարացիութիւնը` տեղեկատուական մարզի բարոյագիտական օրէնքները յարգելու եւ կամ յատուկ արարողակարգ մը մշակելու առումով:

Երեսփոխան Բագրատունի դատապարտեց քաղաքացիներուն անձնականութիւնը հարուածող պատկերները` զանոնք նկատելով խայտառակող քայլեր եւ գաղտնիքներու բացայայտում: Ան շեշտեց, որ նման պարագաներու պէտք է լուռ յարգել զոհերուն յիշատակը:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ժողովուրդի ցաւերու չարաշահումը խիստ մերժելի է: «Իսկ այն պատճառաբանութիւնը, թէ լիբանանցին տխուր իրադարձութիւններ եւ պատկերներ կը սիրէ դիտել պատկերասփիւռի կայաններէն, անճիշդ է եւ անհիմն, որովհետեւ լիբանանցին կեանքով լեցուն քաղաքացի է», ըսաւ ան:

Իսկ լիբանանեան պետութեան եւ կարգ մը ղեկավարներու կողմէ պետութեան աշխատանքին նկատմամբ գովաբանական կեցուածքներուն ակնարկելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ յոխորտալու կարիք չկայ, որովհետեւ կատարուած աշխատանքը պարզապէս լիբանանեան պետութեան պարտականութիւնն է:

«Վիրաւորներուն հոգատարութիւնն ու զոհերու դագաղներուն համար տրամադրուած հիւանդատարի ապահովումը նուազագոյն բանն է, որ կրնայ պետութիւնը կատարել ահաբեկչութենէ տուժած իր քաղաքացիներուն համար», շեշտեց ան:

2016-ի լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն, եւ յատկապէս վերջին ամիսներուն ընթացքին արձանագրուած զարգացումներուն անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այդ զարգացումները զուտ լիբանանեան են, այլ խօսքով` «լիբանանեան արտադրութիւն» կը նկատուին, որովհետեւ արտաքին աշխարհը անտարբեր էր Լիբանանի նկատմամբ:

«Արտաքին աշխարհը Լիբանանէն աւելի լուրջ եւ կարեւոր հարցերու մէջ էր եւ այդ պատճառով անտեսած էր Լիբանանը: Երանի միշտ այդպէս պատահի, որովհետեւ լիբանանեան ներքին միասնականութեամբ եւ որոշումներով կարելի պիտի ըլլայ աւելի դիւրաւ լուծել մեր հարցերը», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ 2016-ը սկսաւ մտահոգութեամբ, որ սկսաւ փարատիլ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ հասարակաց նպատակներու յայտարարութեամբ: «Ատիկա անակնկալ մըն էր եւ ոչ ոք զայն լուրջի առած էր: Նոյնիսկ Սաատ Հարիրի այդ մասին փետրուար ամսուան ընթացքին կէս կատակ-կէս լուրջ անդրադարձած էր` ըսելով. «Երանի այդ քայլը 30 տարի առաջ առնէիր Սամի՛ր, որպէսզի Լիբանանը փորձանքներէ եւ տագնապներէ փրկած ըլլայիր»», նշեց ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ շօշափելի յառաջդիմութիւն մը արձանագրուեցաւ` հակառակ դատապարտումներուն եւ այդ համաձայնութեան նկատմամբ համոզում չցուցաբերելուն, յատկապէս քրիստոնեայ շրջանակներուն մէջ: «Սակայն ի վերջոյ կարելի եղաւ գործադրել այդ նպատակներէն քանի մը հատը, որոնց շարքին` քաղաքապետական ընտրութիւնները: Այդ ընտրութիւններուն շնորհիւ կարելի եղաւ վերանորոգել քաղաքապետարաններուն աշխատանքի թափը, ինչպէս նաեւ նոր եւ երիտասարդ արիւն ներարկել այդ կառոյցներուն` կատարելու համար իրենց առաքելութիւնը», շեշտեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ այլ նուաճում մը կարելի է նկատել Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը, որ իրականացաւ ներքին լիբանանեան համախոհութեամբ, արտաքին անտարբերութեան մթնոլորտի մէջ, ինչպէս նաեւ զօր. Աունի համբերութեամբ եւ պայքարով:

Այդ նուաճումը շարունակուեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումով, կառավարութեան կազմութեամբ, աշխատանքային ծրագիրի մշակումով եւ կառավարութեան նկատմամբ խորհրդարանի վստահութեան քուէով:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ նոր մուտք գործած են 2017, որուն ընթացքին կառավարութիւնը խոստացած է մշակել ընտրական նոր օրէնք մը:

«Ինչպէս կը տեսնենք, այս բոլորը Լիբանանի մէջ նուաճումներ կը նկատուին, մինչդեռ այլ երկիրներու մէջ անոնք սահմանադրական սովորական քայլեր են: Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կամ կառավարութեան կազմութեան կամ քաղաքապետական ընտրութիւններու կայացման սովորական եւ բնական քայլերը նուաճումի վերածուած են, որովհետեւ վարչակարգի խախտում գոյութիւն ունի», հեգնեց ան:

Յ. Բագրատունի մաղթեց, որ նոր իշխանութեան օրով պետութիւնը ունենայ յստակ պատկերացում, ինչպէս նաեւ իմանայ, թէ նախորդ երեսուն-քառասուն տարիներուն ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս սխալած է, եւ հարց տայ ինքն իրեն, թէ արդեօք պէ՞տք է սխալները շարունակել, եւ քանդել երկրին ժողովրդավարական վարչակարգն ու համայնքներուն միջեւ համերաշխութիւնը, «թէ՞ լրջօրէն մտածել մեր զաւակներուն եւ թոռներուն կտակուելիք աւանդին մասին», աւելցուց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ շրջանի երկիրներուն հետ բաղդատած Լիբանան ապահովական որոշ կայունութիւն կը վայելէ: «Լիբանանցիին մօտ կայ ինքզինք ուրիշին հետ բաղդատելու բարդոյթը: Ինչո՞ւ պիտի ուզեմ Լիբանանը Զուիցերիոյ կամ Փարիզի հետ բաղդատել. անտեղի է ու անհասկնալի: Պէտք է իւրաքանչիւրս փափաքինք կերտել Լիբանանը` պահպանելով լիբանանցիին իւրայատկութիւնները, մշակութային եւ քաղաքակրթական իւրայատկութիւնները, որոնք կ՛ամրապնդեն երկրին ժողովրդավարութիւնը, որուն նմանը անկարելի է ամբողջ աշխարհին մէջ գտնել», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Թաէֆի համաձայնագիրը բարեփոխելու կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ ոչ ոք Թաէֆի համաձայնագիրը կ՛ընդունի իբրեւ օրինակելի լուծում: «Այդ համաձայնագիրին նպատակն էր վերջ տալ պատերազմին, քանդումին, աւազապարկէ պատնէշներու վերացման եւ այլն: Հետեւաբար Թաէֆը փոխանցման շրջանի լուծում մըն էր եւ յարմարագոյնը կը նկատուէր, եւ ոչ թէ օրինակելին: Թաէֆի համաձայնագիրը կը բովանդակէ բացթողումներ, որոնք պէտք է լուծուին: Այդ բացթողումներէն կը նկատուին ճշգրիտ ներկայացուցչութեան, ընտրութեան, բազմազանութեան եւ քաղաքական համայնքայնութեան հարցերը: Թաէֆի համաձայնագիրին վերատեսութեան ենթարկուիլը անհրաժեշտ կը նկատենք», յայտնեց ան:

Ակնարկելով փտածութեան` երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ փտածութիւնը եւ կաշառակերութիւնը Օսմանեան կայսրութեան օրերէն իսկ բոյն դրած են Լիբանանի մէջ: «Շէյխ, բէկ, էֆենտի. այս ածականները եւս Օսմանեան կայսրութեան օրերէն մնացած են: Ի դէպ, յիշեցնեմ, որ այդ ածականը կը կրէր ո՛վ որ ծառայութիւն մը մատուցած կ՛ըլլար այդ կայսրութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ փտածութիւնը վերջնականապէս ջնջելու կարելիութիւն չկայ, սակայն զայն ջնջելու աշխատանքին պէտք է սկսինք` նոր իշխանութեան օրով:

«Պէտք է ջանանք նոր իշխանութեան ժամանակաշրջանին նախորդ իշխանութիւններու օրերուն տիրած յոռի երեւոյթներն ու բարքերը նուազեցնել` համաձայնելով նոր էջ մը բանալ», հաստատեց ան:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ խորհրդարանին մէջ քրիստոնեայ-իսլամ հաւասար ներկայացուցչութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ բոլորը արդէն իսկ կը գիտակցին, որ այսպէս կարելի չէ շարունակել:

«Բոլորը կը գիտակցին, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը յարմարագոյն միջոցն է` Թաէֆի համաձայնութեան գործադրութեան: Հետեւաբար, այս դիտանկիւնէն մեկնելով, պէտք է սկսինք մշակել ընտրական օրէնքը: Կը հաւատանք, որ համամասնական դրութեամբ եւ խառն ընտրական օրէնքները յարմարագոյն օրէնքներն են, սակայն ընտրութեան պարագային կարեւորագոյնը նստաշրջաններու բաժանումն է: ՀՅԴ-ն կրնայ փարատել կարգ մը ղեկավարներու մտահոգութիւնները, սակայն ան կը պահանջէ փոխադարձաբար, որ անոնք եւս մեր մտահոգութիւնները փարատեն: Տոհայի մէջ գոյացած համաձայնութեան շրջագիծին մէջ, Պէյրութի ընտրաշրջանները ճշդելու ընթացքին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ զօրակցեցաւ մեզի: Մենք այդ օրէնքը ժամանակաւոր կերպով գործադրեցինք, մինչեւ որ կարելի ըլլայ աւելի լաւ օրէնքի մը մշակումը: Եթէ մեր դաշնակիցները կամ ոչ դաշնակիցները կը խօսին իսկական ներկայացուցչութեան մասին, ապա անոնք պէտք է Պէյրութի ընտրաշրջաններուն բաժանումը վերադարձնեն 1960-ի իսկական ընտրական օրէնքին, այսինքն` Պէյրութի Ա. ընտրաշրջան կը նկատուին Էշրեֆիէ, Ռըմէյլ, Մտաուար եւ Սայֆի շրջանները: Այս բաժանումը արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ: Սակայն երբ ոմանք հայութիւնը քրիստոնեայ չեն նկատեր եւ կը խօսին իսլամին, քրիստոնեային եւ հայուն մասին, անշուշտ անկարելի է նման բաժանումներ ընդունիլ: Այդ պարագային ի՛նչ որ ալ ըսեն, անկարելի է համոզուիլ եւ հաւատալ, թէ անոնք ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կը ձգտին ապահովել: Այս մասին ես կը խօսիմ փորձառութեամբ, որովհետեւ 8 տարիէ ի վեր մաս կը կազմեմ ընտրական օրէնքի մշակման յանձնախումբերուն: Անոնք կը խօսին «շինիչ անորոշութեան» մասին. եզր մը, որ անհասկնալի է: Անոնք կը խօսին քաղաքական հաւասարակշռութեան մասին, քաղաքական ներկայացուցչութեան մասին, որ կը նշանակէ իւրաքանչիւրին շահերուն ապահովումը: Ի վերջոյ կա՛մ կը հաւատանք ճշգրիտ քրիստոնէական ներկայացուցչութեան եւ կա՛մ չենք հաւատար», ընդգծեց ան:

Ընտրական արդի օրէնք մը մշակելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք չի կրնար պատկերացնել, որ կարելի է մէկ ամիսէն ընտրական օրէնք մը մշակել եւ երեք ամսուան թեքնիք յետաձգումով մը երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել: «Ինծի համար այս հանգրուանին երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը անկարելի կը թուի, հակառակ անոր որ ոմանք ընտրութիւն կատարելու կամք ունին», ըսաւ ան:

Մեթնի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ունի յստակ կեցուածք: «Երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարագային, մեր դաշինքները հիմնուած են Հայկական երեսփոխանական պլոքը վերականգնելու նպատակին վրայ: Եթէ Մեթնի մէջ պիտի ստեղծուի ընտրական դաշինք մը` Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն, ՀՅԴ-ի եւ քաղաքական այլ ուժերու միջեւ, ապա նոյն դաշինքը պէտք է ստեղծուի Զահլէի եւ Պէյրութի մէջ: Հայ թեկնածուները կ՛առաջադրուին հայկական կուսակցութիւններուն եւ հեղինակութիւններուն կողմէ: Մեթնի մէջ կարելի չէ դաշնակցիլ քաղաքական որոշ կողմերու հետ եւ մեր քուէներով 8 երեսփոխանի ընտրութիւն ապահովել, իսկ Պէյրութի մէջ, օրինակ` Պէյրութի Ա. շրջանին կամ Զահլէի մէջ, Մեթնի քաղաքական մեր դաշնակիցներուն կողմէ առաջադրուի հայ թեկնածու մը, որուն համաձայն չենք: Իբրեւ հայկական կուսակցութիւններ եւ հեղինակութիւններ մեր իրաւունքն է պահանջել այս մէկը, որովհետեւ ի վերջոյ մենք կը խօսինք քրիստոնեայ համայնքի ճշգրիտ ներկայացուցչութեան մասին», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Ան վերահաստատեց, որ եթէ ՀՅԴ-ն այլոց իւրայատկութիւնները պիտի յարգէ, ապա քաղաքական մնացեալ ուժերէն եւս կը պահանջուի յարգել անոր իւրայատկութիւնները:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանան բազմակողմանի ժողովրդավարութեան երկիր է եւ համակեցութեան ու համերաշխութեան վարչակարգի երկիր, հետեւաբար ոչ ոք ստիպուած է անպայմանօրէն համաձայն գտնուիլ իր դաշնակիցին զօրակցած կամ առաջարկած ծրագիրներուն:

«Օրինակի համար, մենք համաձայն գտնուած ենք աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող օրինագիծին, սակայն մեր դաշնակիցները` ոչ. այս է իսկական ժողովրդավարութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «եթէ մեր շահերը ապահովուած են` ուրեմն ժողովրդավարութիւն է, իսկ եթէ մեր շահերը չեն ապահովուած` ուրեմն բռնատիրութիւն է» տարազը անճիշդ է:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ Լիբանան կ՛ապրի երեսփոխանական ընտրութիւններու մթնոլորտին մէջ, սակայն ընտրական օրէնքի խիստ կարիք կայ:

ՀՅԴ ընտրական գրասենեակին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ գրասենեակը միշտ պատրաստ է աշխատանքի, նշելով, որ երբ առօրեայ դրութեամբ ժողովուրդին հետ ես, ապա միշտ պատրաստ ես ընտրութիւններուն, որոնց ընթացքին ի նպաստ կեցուածքներուն քուէարկող քաղաքացիները համոզումով կը քուէարկեն` առանց ծառայութիւններու մասին հարց տալու, առանց քեզի մեղադրելու ճամբաները կուպրապատելու իմաստով արձանագրուած թերացումին համար կամ բողոքելու, որ զէնք կրելու արտօնագիր չես ապահոված:

ՀՅԴ-ի կողմէ Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանի իբրեւ նախարար առաջադրման որոշումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ առաջին անգամը չէ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կուսակցական մը նախարար նշանակելու քայլին կը դիմէ: «Աւետիս Կիտանեան համեստ անձնաւորութիւն մըն է եւ լիբանանահայութեան մօտ իր տեղը ունի: Զայն նախարար նշանակելու ՀՅԴ-ի որոշումը ողջունողներուն թիւը մեծ էր, իսկ գալիք օրերուն նախարարին ընթացքը կը փաստէ, որ այդ որոշումը ճի՞շդ էր, թէ՞ ոչ», ըսաւ ան:

Եզրափակելով հարցազրոյցը` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ նոր իշխանութեան յաջողութեան գրաւականը միայն հանրապետութեան նախագահը չէ, այլ բոլորը, այսինքն` հանրապետութեան նախագահէն մինչեւ ամէնէն սովորական պաշտօնեան: Ան շեշտեց, որ քաղաքացիները իրենց կարգին պատասխանատու են, որքան քաղաքական անձնաւորութիւններն ու ղեկավարները:

«Քաղաքական անձնաւորութիւնները կը սխալին, բայց անոնց սխալները կրնան բազմապատկուիլ, եթէ հաշուետուութեան կանչող քաղաքացիներ չըլլան: Քաղաքացիները ամէնօրեայ դրութեամբ պէտք է հաշուետուութեան կանչեն իրենց պատասխանատուները», յայտնեց ան:

«Ինչ որ ալ ըլլայ, մենք այս երկրին զաւակներն ենք ու այս երկրին հայրերը: Ինչ որ ալ ըլլայ, հայր ու զաւակ պէտք չէ նեղուին իրարմէ: Լիբանանի մէջ սխալներն ու բացթողումները, փտածութիւնը եւ զրկանքը, անարդարութիւնն ու յարգանքի չգոյութիւնը ճնշող իրականութիւններ են: Բայց այս է Լիբանանը` մեր երկիրը, ուր պիտի ապրինք նոր իշխանութեան շուքին տակ եւ իբրեւ քաղաքացիներ իրարու խոստանանք, որ պիտի գործենք ի խնդիր մեր երկրին բարգաւաճման եւ բոլորս պիտի որոշենք մնալ հոս, առանց այս երկիրը լքելու մասին մտածելու», ընդգծեց ան:

Նախորդը

Նշմար. Միեւնոյն Մետալին Երկու Երեսները

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան

Սեպտեմբեր 18, 2025
Ակնարկ.   Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն`  Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն` Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ

Սեպտեմբեր 18, 2025
Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?