ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին գումարուելիք օրէնսդրական նիստը արդէն իսկ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ:
ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ ընտրական օրէնքը երկրին պատկանելիութեան օրէնքն է եւ պէտք է զայն փոփոխութեան ենթարկել:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին շեշտեց, որ ընտրական օրէնքը քննարկումի ընթացքին մէջ է, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ բոլորը գոհացնող լուծումներու:
ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերով պետական նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն բարելաւելու համար Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներ ընդունող գաղթակայաններուն ենթակառոյցները:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հարց տուաւ, թէ արդեօք Քոսթա Պրաւայի թափօններու թաղման վայրը իսկական վտանգ կը սպառնա՞յ քաղաքացիական օդանաւորդութեան, թէ՞ այդ փոթորիկին հիմնական նպատակը Սըպլինի մէջ նոր աղբանոցի մը բացումն է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն լիբանանեան բանակին կատարուած սէուտական նուիրատուութիւնը դարձեալ շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանրի Հըլու հաստատեց, որ ընտրական օրէնքը նկատի պէտք է ունենայ իւրաքանչիւր համայնքի եւ քաղաքական ուժի իւրայատկութիւնները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա ընդգծեց, որ ընտրական խառն օրէնքները ամէնէն աւելի կարելիութիւն կ՛ընծայեն` քաղաքական ուժերուն միջեւ հասարակ յայտարարներ գտնելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Սէուտական Արաբիա կատարած առաջին այցելութեան արդիւնքը պիտի ըլլայ դէպի Ծոցի երկիրներ լիբանանցիներուն վերադարձը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ իրենց եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան միջեւ ընտրական դաշինք մը գոյացնելու եւ Լիբանանեան ուժեր ու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն դէմ հակադրուելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը անճիշդ են:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք համաձայն են, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ամէնէն ուշը յետաձգուին մինչեւ սեպտեմբեր, պայմանաւ որ անոնք կատարուին ընտրական նոր օրէնքի մը հիման վրայ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին յաջողցնել կառավարութեան աշխատանքը եւ գործադրել արդար ընտրական օրէնք մը, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ըլլայ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը փորձէ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան պաշտօնին համար ընտրել թեկնածու մը, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Հըզպալլային կողմէ ընդունելի ըլլայ:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրի, խորհրդարանի նախագահի քաղաքական հարցերու օգնական, նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկած են ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու կարելիութիւնները:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Լիբանան` ընդառաջելով լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հրաւէրին: