Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շաբաթավերջին Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ:
Հանդիպումէն ետք միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ Սալման թագաւորը յանձնառու է լիբանանեան ազգային միասնականութեան, համերաշխութեան եւ բարգաւաճումին, աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիա կը զօրակցի բոլոր լիբանանցիներուն եւ բոլորին բարեկամն է:
Ան շեշտեց, որ Լիբանան միշտ հպարտ զգացած է Սէուտական Արաբիոյ հետ իր յարաբերութիւնները պահպանելով, եւ յոյս յայտնեց, որ Ռիատ միշտ զօրակցի Լիբանանին` պահպանելու համար անոր ապահովական կայունութիւնը եւ արաբական պատկանելիութիւնը: