Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարրաֆ Քաակի Եւ Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Բանակին Վերաբերող Հարցեր

January 14, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

sarraf_kaag_11317

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց ՄԱԿ-ի վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ին եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Քաակ յայտնեց, որ ՄԱԿ միշտ կը գործակցի պաշտպանութեան նախարարին հետ` պահպանելու համար լիբանանեան հողերուն ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Քաակ նշեց, որ Սարրաֆի հետ քննարկած է ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը մշակելու գործողութեան զօրակցելու հեռանկարները: Ան ընդգծեց ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը մշակելու կարեւորութիւնը, յատկապէս բանակին օժանդակելու առումով: «Այս շրջագիծին մէջ կ՛ողջունենք եւ կը դրուատենք լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն իրագործած նուաճումները` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով», ընդգծեց Սիկրիտ Քաակ:

Քաակ բարձր գնահատեց նաեւ Սարրաֆի կատարած առաջարկները` ընդգծելով, որ բազմաթիւ դրական տուեալներ կան երկկողմանի գործակցութիւնը զարգացնելու, լիբանանեան բանակին օժանդակելու եւ Լիբանանի մէջ յաւելեալ կայունութիւն ապահովելու իմաստով:

Իր կարգին, նախարար Սարրաֆ յայտնեց, որ պաշտպանութեան մարզին առումով կառավարութիւնը աշխատանքային իր ծրագիրին ընդմէջէն յանձնառութիւն յայտնած է, շեշտելով, որ ինք կառչած պիտի մնայ այդ յանձնառութեան:

Սարրաֆ շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ին` անոր ցուցաբերած գործակցութեան համար, ինչպէս նաեւ դրուատեց Լիբանանին համար ՄԱԿ-ի տրամադրած օժանդակութիւնները, յատկապէս գաղթականներուն օժանդակելու հարցով:

Սարրաֆի այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան բանակը յուզող հարցեր:

Նախորդը

Ժոմպլաթ Նամակներ Կը Ստանայ Էրտողանէն Եւ Ապպասէն

Յաջորդը

Ըստ «Ախպար»-ի. Լիբանանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Առնուազն Երկու Պաշտօնեաներ 15 Յունիսէն Ետք Փախուստ Տուած Են

RelatedPosts

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ

September 28, 2026
Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը
Լիբանանեան

Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը

September 28, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.