ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ապահովական զոյգ հաստատութիւններուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի կոչ ուղղեց Լիբանանի ապահովական կառոյցներուն` հաշուետուութեան կանչելու Արսալի ապահովութիւնը խախտող յանցագործները:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան արաբական աշխարհի կառուցուածքին անբաժանելի մէկ մասն է:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ շեշտեց, որ լիբանանեան նոր իշխանութեան ուղին արդէն իսկ սկիզբ առած է, եւ անիկա որոշած է ամէն գնով յաջողիլ` իր ցուցաբերած ներքին գործակցութեան շնորհիւ:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը քննարկումի առարկայ չի կրնար դառնալ` աւելցնելով, որ պահանջուածը ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումն է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ բոլոր փորձանքներուն եւ ոճիրներուն մայրն են:
Անդրադառնալով ընտրական օրէնքին` Ռաատ յայտնեց, որ ընտրական արդար օրէնքը Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածող համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած օրէնքն է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքին բարեկարգումը մուտք մըն է` դէպի ժողովրդավարական պետութիւն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կեցուածքները կը ներկայացնեն զիրենք` աւելցնելով, որ ընտրական օրէնքին մշակումը քաղաքական բոլոր ուժերուն պատասխանատուութիւնն է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւն կատարելու պարագային բոլոր համայնքները պիտի յուսալքուին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Պասեմ Շապ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար կատարած այցելութիւնները երկու ճիշդ քայլեր են:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի երէկ Մաժտալիունի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ պաղեստինեան պատուիրակութեան մը հետ, որուն հետ քննարկեց պաղեստինեան հրապարակը պաշտպանելու նպատակով ի գործ դրուած ջանքերը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ եթէ կարելի չըլլայ արդար ընտրական օրէնքի մը հիման վրայ օրէնսդիր նոր իշխանութիւն մը արտադրել, ապա բարեկարգումի ուղին պիտի ձախողի:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է լիբանանցիներուն նկատմամբ իր պատասխանատուութիւնները ստանձնէ եւ անոնց հետ կատարեալ թափանցիկութեամբ գործակցի:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ երկրին իշխանութիւններուն նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը կարելի է վերականգնել` վաւերացնելով լիբանանցիներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովող ընտրական օրէնք մը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ ժամանակի ազդակը չ՛արտօներ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ պահանջուածը ընտրական նոր օրէնք մըն է, որ պէտք է բարեկարգումի ենթարկուի:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ Ծոցի երկիրներ կատարուած այցելութիւնը կը ներառէր նաեւ Եգիպտոսը, սակայն անիկա յետաձգուեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի խճողուած օրակարգին պատճառով:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն դէպի արաբական երկիրներ իր այցելութիւնները պիտի շարունակէ յառաջիկայ փետրուարին: Կը նախատեսուի, որ նախագահ Աուն ուղղուի Եգիպտոս:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, կը հաստատէ, որ շրջանային եւ միջազգային պաշտպանութիւնը տակաւին իր հովանիին տակ կը պահէ Լիբանանը:


