Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց օրէնսդրական ցերեկային եւ գիշերային նիստերու` չորեքշաբթի, 18 եւ հինգշաբթի, 19 յունուարին:
Նիստերուն ընթացքին պիտի քննարկուին խորհրդարանի դիւանին կողմէ ճշդուած օրակարգերը, որոնք կը բովանդակեն շարք մը օրինագիծեր:
Ցերեկային նիստերը պիտի սկսին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: