Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 7:00-ին վարչապետարանին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեան հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքն ու պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆը, որոնց հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ զոյգ նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Վարչապետ Հարիրի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց Լիբանան ապաստանած սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի, ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել եւ վարչապետ Հարիրիի տնտեսական հարցերու խորհրդատու Մազեն Հաննա:
Նիստէն ետք Մերեհպի յոյս յայտնեց, որ մէկ ամիսէն կարելի ըլլայ յանգիլ քաղաքական միացեալ փաստաթուղթի մը` սուրիացի գաղթականներու տագնապին լուծման մասին:
Իր կարգին, Պասիլ վարչապետարանէն մեկնումի պահուն յայտնեց, որ ինք հանգիստ կը զգայ այդ նիստին ընթացքին առումով, յատկապէս նկատի ունենալով, որ նոր եւ բաւական յառաջացած կեցուածքներ արտայայտուած են այդ թղթածրարին լուծում գտնելու իմաստով: