Շրջանային Իրադարձութեանց Զուգահեռ. Լիբանան Կը Մնայ Արտաքին Կողմերու Ուշադրութեանց Կիզակէտը
Շրջանային իրադարձութեանց զուգահեռ, Լիբանան կը մնայ արտաքին կողմերու ուշադրութեանց կիզակէտը: Արդարեւ, այն միջոցին, երբ Ժընեւի մէջ ընթացք կ՛առնեն Սուրիոյ տագնապին եւ անոր լուծման առնչակից կողմերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները, շրջանային եւ միջազգային «բանալի» պետութեանց ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ Լիբանանի վրայ: Փաստօրէն, Լիբանան աշխարհագրականօրէն եւ քաղաքականօրէն ամէնէն մօտ եւ արագօրէն ազդուող երկիրն է Սուրիոյ մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններէն: Այդպէս եղած է մօտիկ ամցեալի պատմութեան ընթացքին,...



















