Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ մէկ ժամ սպասելէ ետք չեղեալ յայտարարեց կառավարութեան նիստը` մեծամասնութեան չգոյութեան պատճառով:
Արդարեւ, այն միջոցին, երբ քաղաքացիք կը սպասէին 11 տարիէ ի վեր ձգձգուող պետական պիւտճէի քննարկումին եւ ուսուցիչներուն ու պաշտօնեաները կ՛ակնկալէին իրենց աշխատավարձերու սրբագրութեան վճռումը, կառավարութեան նիստին ջնջումը յուսախաբ ըրաւ զանոնք:
Արդարեւ, կառավարութեան 30 նախարարներէն 19-ն միայն ճիշդ ժամուն ներկայացած էին ժողովի, մինչ մնացեալ 11 նախարարները բացակայ նկատուեցան, ոմանք ճամբորդութեան պատճառով, ուրիշներ` անհանգստութեան, իսկ ոմանք ալ` ճիշդ ժամուն ժողովի չներկայանալու պատճառով:
Աւելի ուշ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը լուսաբանեց, թէ ժողովին ջնջումը քաղաքական պատճառներով չէր: Կարգ մը իրազեկ մեկնաբաններու համաձայն, կարելի է այս կարգադրութիւնը զուգադիպութիւն նկատել յատկապէս նկատի ունենալով, որ բացակայող նախարարները կը պատկանէին տարբեր կողմերու եւ կուսակցութեանց:
Դռնփակ Նիստ
Այսուհանդերձ, վարչապետ Հարիրի օգտուելով առիթէն, նախարարներու ժամանման սպասման միջոցին դռնփակ նիստ մը գումարեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին կառավարութեան նիստի օրակարգի հրատապ հարցերը, յատկապէս` պիւտճէի եւ ընտրական օրէնքին գծով նորագոյն կեցուածքներն ու տեսակէտները: