ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերուն հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, ապահովական ուժեր յաջողած են ձերբակալել վերջերս Քասլիքի մէկ ճաշարանին մէջ կրակոցի դիմած յանցագործը: Ան 1996-ի ծնունդ է եւ ծանօթ է Շամշուն անունով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուիամ Ուահապ շաբաթավերջին նախագահ Աունի իշխանութենէն պահանջեց ընդհանուր ներում շնորհել հիւսիսի, Պեքաայի եւ հարաւի սահմանային գօտիի բանտարկեալներուն, նախքան խորհրդարանական ընտրութիւնները: Ուահապ պահանջեց ներման այս որոշումէն զերծ պահել անոնք, որոնք յարձակում գործած են լիբանանեան բանակին դէմ:
ՊԸՐԺ Պարաժնէի մէջ փուլ գալու վտանգին ենթակայ շէնքի մը բնակիչները մերժեցին ընդառաջել պատկան կողմերու կոչին` շէնքը պարպելու գծով, պահանջելով, որ պետութիւնը իրենց ապահովէ կեցութեան յարմար վայրեր եւ հատուցում վճարէ: Զօրավար Մոհամետ Խէյր եւ երեսփոխան Ալի Ամմար այցելեցին վայրը եւ հանգստացուցին շէնքին բնակիչները:
ՆԱՊԱԹԻԷԻ Քֆարրման շրջանին մէջ երկու սուրիացիներ վիրաւորուեցան եւ հիւանդանոց փոխադրուեցան` տեղւոյն կարգ մը լիբանանցիներուն եւ սուրիացի բնակիչներուն միջեւ անհատական գետնի վրայ ծագած վէճի մը պատճառով: