Մշակոյթի նախարար դոկտ. Ղաթթաս Խուրի երէկ գուժեց լիբանանահայ հարածանօթ թմբկահար Սեդրակ Սարգիսեանի մահը` իր ցաւակցութիւնները յայտնելով հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ անոր արուեստի սիրահարներուն:
Նախարար Խուրի բարձր գնահատեց Սեդրակ Սարգիսեանի դերը լիբանանեան երգարուեստի մարզին մէջ: «Ան պարապութիւն պիտի ձգէ արուեստասէր հանրութեան մէջ», ընդգծեց նախարար Խուրի:
Նշենք, որ լիբանանեան երգարուեստի մարզէն բազմաթիւ արուեստագէտ երաժիշտներ եւ երգիչներ սգացին Սեդրակի մահը` իրենց խոր վիշտը յայտնելով: