Շրջանային իրադարձութեանց զուգահեռ, Լիբանան կը մնայ արտաքին կողմերու ուշադրութեանց կիզակէտը: Արդարեւ, այն միջոցին, երբ Ժընեւի մէջ ընթացք կ՛առնեն Սուրիոյ տագնապին եւ անոր լուծման առնչակից կողմերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները, շրջանային եւ միջազգային «բանալի» պետութեանց ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ Լիբանանի վրայ: Փաստօրէն, Լիբանան աշխարհագրականօրէն եւ քաղաքականօրէն ամէնէն մօտ եւ արագօրէն ազդուող երկիրն է Սուրիոյ մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններէն: Այդպէս եղած է մօտիկ ամցեալի պատմութեան ընթացքին, այդպէս է նաեւ ներկայիս, որուն գլխաւոր ցուցանիշը կը նկատուի սուրիացի հազարաւոր գաղթականներու հոսքը դէպի Լիբանան: Նմանապէս եւ ապահովական գետնի վրայ տարբեր չէ այս պատերազմին անդրադարձը Լիբանանի ընկերային-քաղաքական ու տնտեսական կայունութեան վրայ: Արսալի ապահովական դէպքերը, լիբանանցի զինուորականներու առեւանգումը եւ ցարդ ահաբեկչական սպառնալիքներու մղձաւանջը, ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն հետեւանք են այս պատերազմի հոլովոյթին:
Այս իմաստով արտաքին պետութեանց օրակարգին վրայ անպակաս է Լիբանանի կարողականութիւնն ու պատրաստակամութիւնը, թէ այս փոքր երկիրը իր բանակին եւ զինական կազմածներուն համեմատաբար սահմանափակ թուաքանակով որքանո՛վ պատրաստ է դիմակալելու շրջանը յուզող ահաբեկչական վտանգը, նմանապէս եւ որքանո՛վ պատրաստ է դիմակալելու Միջին Արեւելքի մէջ ուրուագծուող նոր «Սայքս-Փիքօ»-ներու հաւանականութիւնը:
Այս եւ յարակից հարցերու կապակցութեամբ երէկ Լիբանան այցելեց ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար, զօր. Ճոզըֆ Ֆոթել:
Զօր. Ֆոթել անջատ հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի ղեկավարներուն հետ եւ մօտէն ծանօթացաւ երկրի ընդհանուր իրավիճակին, քաղաքական, ապահովական, զինուորական եւ տնտեսական իմաստով:
Այս ծիրին մէջ զօր. Ֆոթել այցելեց Պաապտայի պալատ, ընկերակցութեամբ` Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի: Շնորհաւորական խօսքերու կողքին, ամերիկացի զօրավարը վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանի կայունութեան եւ բարգաւաճման ճիգերուն:
Ապա ան այցելեց նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որմէ ետք տեսակցեցաւ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Այս առիթով զօր. Ֆոթել բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին մարտունակութիւնն ու խիզախութիւնը` ահաբեկչական սպառնալիքներու դիմակալման գծով: Ամերիկացի զօրավարը խոստացաւ շարունակել իր երկրին զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը լիբանանեան բանակի զինական սարքերուն եւ կազմածներուն:
Միւս կողմէ նմանօրինակ շփումներու ձեռնարկեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին:
Իսկ Եգիպտոսի դեսպանը իր կարգին խորհրդակցութիւն ունեցաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ: