Երկրի զանազան կողմերու ղեկավարներ զօրաշարժի լծուած են` ընդառաջելու համար քաղաքացիներու քաղաքական-սահմանադրական ներկայացուցչութիւնն ու իրաւունքները յարգող լուծումներու: Քաղաքական իւրաքանչիւր կողմ ի՛ր դիտանկիւնէն կը դիտէ հարցերու լուծումը` ընդգծելով պահանջներու իրաւացիութիւնը:
Այս ծիրին մէջ, կառավարութիւնը երեք նիստեր պիտի գումարէ այս շաբթուան ընթացքին` այսօր, չորեքշաբթի, եւ ուրբաթ օրերը, վճռելու համար աշխատավարձերու յաւելման հարցին լուծումը:
Իսկ ընտրական օրէնքին առնչութեամբ քուլիսային խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին` յանգելու համար ընտրական օրէնքի յարմարագոյն նախագիծի տարբերակին:
Այս առումով իրազեկ աղբիւրներ հաւանական նկատեցին, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի չորեքշաբթի, 1 մարտին երեսփոխանները հրաւիրէ այս եւ յարակից հարցերու քննարկման:
Այլ աղբիւրներու կարծիքով` նախագահ Աուն պիտի չվարանի պատկան կողմերը երկխօսութեան սեղանի շուրջ հրաւիրելու` վճռելու համար իրենց կեցուածքները ի նպաստ յարմարագոյն լուծման: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, նախագահ Աուն վճռականօրէն կը մերժէ տեղի տալ սահմանադրական դատարկութեան, երկարաձգել երեսփոխաններու պաշտօնավարութիւնը կամ վերադառնալ 1960-ի օրէնքին:
Միւս կողմէ, վերջին ժամերուն շրջան ընող տեղեկութիւնները անհաւանական չեն նկատեր մէկ տարիով երկարաձգել խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը, պայմանով որ մինչ այդ ընտրական նոր օրէնքի նախագիծ մը մշակուի եւ վաւերացուի:
Նաեւ` Ապահովական Մարտահրաւէրներ
Քաղաքական-սահմանադրական եւ ընկերային մարտահրաւէրներու կողքին, իշխանութիւնը շաբաթավերջին դիմակալեց նաեւ ապահովական մարտահրաւէր մը:
Արդարեւ, ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչական սպառնալիքներէն եւ առեւանգեալ զինուորականներու ազատ արձակման գծով իշխանութեան ձեռնարկած միջոցառումներուն զուգահեռ, ապահովական կառոյցներ փութացին հարթել ապահովական նոր մարտահրաւէրը, որ դրսեւորուեցաւ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանի բախումներով:
Փաստօրէն, Պաղեստինի իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի Լիբանան կատարած պաշտօնական այցելութեան առընթեր, ծանր բախումներ ծայր առին Սայտայի Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ, պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումի եւ արմատական խմբաւորումներու միջեւ` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական վնասներ:
Շաբաթավերջին բախումներու սաստկացումը իր վրայ կեդրոնացուց իշխանութեան եւ առհասարակ պատկան կողմերու ուշադրութիւնը: Այս իմաստով իմացուեցաւ, թէ Լիբանանի պաղեստինեան այլ գաղթակայաններէն Ֆաթհ շարժումի զինեալներ «կը շարժին» դէպի Այն Հելուէ` սանձելու համար արմատականներու մղած յարձակումները:
Այս բախումները, որոնք ծայր առած էին պաղեստինցի նախագահ Մահմուտ Ապպասի Լիբանան այցելութեան զուգահեռ, մղեցին նախագահ Ապպասը, որ իր մէկ նախարարին Ահմետ Ազզամին յանձնարարէ մնալ Լիբանան եւ մօտէն հետեւիլ բախումներու հանդարտեցման ճիգերուն, գործակցաբար Լիբանանի մէջ պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Ահմետ Տապպուրի:
Իսկ լիբանանեան բանակը փակեց գաղթակայանի մուտքերը:
Միւս կողմէ, մասնակի բախումներ արձանագրուեցան նաեւ Պաալպեք – Հերմել շրջանին մէջ տեղւոյն աշիրեթներուն միջեւ, տարբեր պատճառներով:
Երէկ երեկոյեան լուրերուն համաձայն, պաղեստինեան պատկան մարմիններ կազմեցին ապահովական զանազան յանձնախումբեր` վերահաստատելու համար Այն Հելուէ գաղթակայանի ապահովական կայունութիւնը:
Նաեւ որոշուեցաւ այսօր` երկուշաբթի, փակ պահել Այն Հելուէի վարժարանները, բացի երկու դպրոցէ, որոնք մերժեցին փակել: