
Լիբանանի մէջ պաղեստինեան գաղթակայաններու բնակարաններու եւ բնակչութեան հաշուարկումի ընդհանուր ծրագիրի մէկ պատուիրակութիւնը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութեան, երկօրեայ այցելութեամբ պիտի մեկնի Յորդանան:
Զոյգ պատուիրակութիւնները, գլխաւորութեամբ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեանի, 26-28 փետրուարին Ամմանի մէջ մօտէն պիտի ծանօթանան բնակարաններու եւ բնակչութեան ընդհանուր հաշուարկումի յորդանանեան փորձառութեան:
Ամմանի մէջ դոկտ. Կիտանեան հանդիպում պիտի ունենայ Յորդանանի ծրագրումի եւ միջազգային գործակցութեան նախարար Իմատ Նեժիպ Ֆախուրիի հետ` շարունակելու համար վիճակագրական լիբանանեան եւ յորդանանեան զոյգ կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան միջոցները:


