Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներքին Թէ Արտաքին Ճակատներու Վրայ Իր Դիրքը Ամրագրելով` Լիբանան Հիւրընկալեց Պաղեստինեան Իշխանութեան Նախագահը

February 27, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Միշել Աունի իշխանութեան սկզբնաւորութեան անոր ձեռնարկած քաղաքական-դիւանագիտական քայլերը հետզհետէ կը վերահաստատեն Լիբանանի վարկն ու դիրքը շրջանային ու միջազգային առումով:

Արդարեւ, տասը երկիրներու դեսպաններու հաւատարմագիրներու ընդունման առընթեր, ներքին ճակատի վրայ օրըստօրէ նախագահ Աունի իշխանութեան ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնն ու լրջութիւնը` անյապաղ լծուելու քաղաքացիներու կարիքներու հոգացման եւ սահմանադրական ժամկէտներու իրագործման գծով, կու գայ ամբողջացնելու  Աունի իշխանութեան արտաքին ճակատի քաղաքական քայլերը, յատկապէս` արաբական աշխարհին հետ բնականոն կապերու վերահաստատման առնչութեամբ:

Զուգահեռաբար, այս քայլերը կը համընկնին արտաքին, շրջանային ու յատկապէս միջազգային ընդհանուր տրամադրութեան` համեմատական կայունութիւն հաստատելու շրջանի «տաք» հատուածներուն մէջ, ուր հասարակաց առանցքային տեղ կը գրաւեն ահաբեկչութեան եւ անոր պատճառով Լիբանանն ու մերձակայ երկիրները ողողած գաղթականական հոսքերը:

Հոսկէ` Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահին Լիբանան այցելութեան «թայմինկ»-ին եւ բնոյթին կարեւորութիւնը: Փաստօրէն, կայունութեան կողքին արտաքին տրամադրութիւն կայ նաեւ «լուծում մը» գտնելու գաղթականական հոսքերուն: Այս տրամադրութիւնը առաւել եւս կը հիմնաւորուի` նկատի ունենալով վերջին օրերուն թրքական իշխանութեանց կողմէ հոն ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն թրքական հպատակութիւն շնորհելու նախապատրաստական քայլերը: Առաջին հանգրուանին հպատակութիւն պիտի ստանան երկու հազար սուրիացի գաղթականներ:

Նմանապէս այս հարցին պաղեստինեան տարբերակը քննարկուեցաւ լիբանանեւպաղեստինեան վեհաժողովին, ուր առաջնակարգ կարեւորութիւն ստացաւ պաղեստինցիներու կեցութեան բարելաւումը իրենց գտնուած գաղթակայաններուն մէջ: Քայլ մը, որ անպայման իր դրական արձագանգը պիտի ունենայ երկրին նաեւ քաղաքական ու ապահովական կայունութեան վրայ, յատկապէս որ վերջին տարիներուն Լիբանանը ցնցած Նահր Պարետի եւ Ապրայի եւ անոնց յարակից ապահովական խախտումներուն գլխաւոր տարրերը կու գային կամ կ՛ապաստանէին պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ է նաեւ լիբանանեւպաղեստինեան ապահովական մարմինը, որ քուլիսներու ետին եւ լուսարձակէ հեռու որոշ ատենէ ի վեր կը քննէր այս հարցը իր մանրամասնութիւններով: Այս առումով ուշագրաւ էր վերջերս պաղեստինեան գաղթակայաններու, յատկապէս` Այն Հելուէի շուրջ պատնէշի յառաջացման փորձերուն եւ զուգահեռաբար պաղեստինցի կարգ մը «յանցագործ եւ փախստական» տարրերու իշխանութեան յանձնումին երեւոյթը: Ապահովական կարգաւորումներ, որոնք զերծ չէին  տարակարծութենէ եւ ընդդիմութենէ: Երեւոյթ մը, որուն գլխաւոր հակազդեցութիւնը եղած էր Լիբանանի մէջ պաղեստինցի ղեկավար գնդապետ Մունիր Մաքտահի հրաժարականը ապահովական պատասխանատուի իր պաշտօնէն:

Այս դիտանկիւնէն պէտք է ըմբռնել Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի յայտարարութիւնը, թէ` «պաղեստինցիք հոս հիւր են եւ օր մը անպայման պիտի վերադառնան իրենց բնօրրանը»:

Այցելութեան թուականը եւս նոյնքան կարեւոր է, յատկապէս երբ նկատի ունենանք մօտիկ ապագային գումարուելիք Արաբական խորհրդարանական համագումարն ու ապա միջարաբական վեհաժողովը Ամմանի մէջ: Ակներեւ է լիբանանեան թէ պաղեստինեան կողմերու ցուցաբերած պատրաստակամութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը` սերտուած պատրաստ թղթածրարներով եւ համապատասխան շինիչ առաջադրանքներով ներկայանալու նշեալ համագումարներուն:

Այս ծիրին մէջ կու գայ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի պաշտօնական այցելութիւնը Լիբանան` գլխաւորելով պաղեստինեան զանազան մարզերու պատասխանատուներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը:

Նախագահ Ապպաս անցեալ հինգշաբթի Լիբանան հասնելով նախ եւ առաջ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ:

Ուրբաթ օր նախագահ Ապպաս անջատ հանդիպումներ ունեցաւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ ապա վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Պաղեստինցի նախագահը տեսակցութիւններ ունեցաւ նաեւ լիբանանցի այլ ղեկավարներու եւ պատասխանատուներու հետ, ինչպէս` նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, նախկին նախարար Թալալ Արսլանի եւ այլ անձնաւորութիւններու հետ:

Լիբանանցի վարիչներուն հետ նախագահ Ապպասի խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան հիմնականին մէջ Լիբանանի պաղեստինցիներու կեցութեան եւ ապրուստի պայմաններու բարելաւման վրայ, յատկապէս` ընկերային-տնտեսական ծառայութեանց ծիրին մէջ:

Արաբեւիսրայէլեան տագնապի 1948-ի եւ ապա 1967-ի դէպքերուն բերումով Լիբանան ապաստանած պաղեստինցիներու եւ անոնց հետապնդած տունդարձի դատը առանցքը կազմեց լիբանանեւպաղեստինեան խօսակցութեանց: Այս իմաստով նախագահներ Միշել Աուն եւ Մահմուտ Ապպաս որոշեցին կոչ ուղղել շրջանային թէ միջազգային պատկան կողմերուն եւ պետութեանց` տէր կանգնելու իրենց յանձնառութեանց եւ օժանդակելու ԻՒՆԵՐՈՒԱ-ին, որպէսզի վերջինս իր կարգին օժանդակէ Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայաններու բնակչութեանց:

«Լիբանան շատ բան զոհեց ի խնդիր պաղեստինեան դատին, եւ մենք շնորհակալ ու երախտապարտ ենք Լիբանանի իշխանութեանց եւ ժողովուրդին», յայտնեց պաղեստինցի նախագահը` ընդգծելով, որ պաղեստինցիք առայժմ հիւր են եւ անպայման պիտի վերադառնան իրենց տուները:

 

Նախորդը

Պասիլ. «Անկարելիութեան Պարագային Տրամադիր Ենք Վերադառնալու Ուղղափառ Հանդիպումի Օրէնքին»

Յաջորդը

Փորձելով Ընդառաջել Քաղաքացիներու Արդար Պահանջներուն` Երկրին Վարիչները Կը Դիմակալեն Քաղաքականի Կողքին, Նաեւ Ընկերային-Տնտեսական Եւ Ապահովական Մարտահրաւէրներ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.