
Նախագահ Միշէլ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ մօտէն հետեւեցաւ երկրի հրատապ հարցերու քննարկման հոլովոյթին եւ այս ծիրին մէջ ընդունեց կարգ մը անձնաւորութիւններ եւ պատասխանատուներ:
Պիւտճէի եւ ընտրական օրէնքին գծով ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ իր տեսակցութենէն ետք, նախագահ Աուն ընդունեց «Հաւատարմութիւն դիմադրութեան» երեսփոխանական պլոքի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ երեսփոխան Մոհամմէտ Ռաատի:
Այս առիթով երեսփոխան Աուն բարձր գնահատեց նախագահ Աունի ազգային կեցուածքները, յատկապէս դրուատելով Իսրայէլի դէմ նախագահ Աունի խիզախ պատասխան-կեցուածքը: Ռաատ նախագահ Աունի փոխանցեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլայի ողջոյնները:
Երեսփոխան Ռաատ նաեւ անդրադարձաւ երկրի ներկայի հիմնահարցերէն` ընտրական օրէնքին, ընդգծելով, որ «60-ի օրէնքը» այլեւս չի յարմարիր եւ խոտոր կը համեմատի լիբանանցիներու քուէարկութեան կարելիութիւններուն: Ան անհրաժեշտ նկատեց ընտրական նոր օրէնքի մը մշակման հրամայականը:
Միւս կողմէ երեսփոխան Ռաատ արդար եւ իրաւացի գտաւ քաղաքացիներու կրթական-ընկերային պահանջները` մաղթելով յայմար լուծում գտնել անոնց:


