Լիբանանեան

Հանրապետութեան Հանդիպումը  Կոչ Կ՛ուղղէ Այն Հելուէն  Նոր Նահր Պարետի Մը Չվերածելու

Հանրապետութեան Հանդիպումը Կոչ Կ՛ուղղէ Այն Հելուէն Նոր Նահր Պարետի Մը Չվերածելու

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Հանրապետութեան հանդիպումի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական եւ ապահովական առումով: Իր ընթացիկ նիստէն ետք Հանրապետութեան հանդիպումը անհրաժեշտ նկատեց ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացումը` երաշխաւորելու համար երեսփոխանական ընտրութիւններուն ճշդուած թուականին կայացումը: Անդրադառնալով խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման հարցին` Հանրապետութեան հանդիպումը կոչ ուղղեց երկարաձգուած պաշտօնավարութիւնը չերկարաձգելու` դրուատելով ընտրական օրէնքին...

Ռայի Պատրիարքը Հանդիպումներ  Ունեցաւ Սիսիի Եւ Թէոդորոս Բ. Պապին Հետ

Ռայի Պատրիարքը Հանդիպումներ Ունեցաւ Սիսիի Եւ Թէոդորոս Բ. Պապին Հետ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Գահիրէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ: Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ ղպտի համայնքի Թէոդորոս Բ. պապին: Զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն իրավիճակը: Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Գահիրէի մէջ բացումը կատարեց վերանորոգուած Մար Եուսեֆ դպրոցին: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Ռայի պատրիարքը ողջունեց մարոնի...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք.  «Համամասնական Ընտրական Օրէնքը Ճշգրիտ  Ներկայացուցչութիւն Կ՛ապահովէ»

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Համամասնական Ընտրական Օրէնքը Ճշգրիտ Ներկայացուցչութիւն Կ՛ապահովէ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կարդաց նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ պլոքը շեշտեց, որ կառչած կը մնայ համամասնական ընտրական օրէնքին, որովհետեւ անիկա ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութիւնը ամուր հիմերու վրայ կերտելու իմաստով տեսակարար ոստում մը կը նկատուի: Ֆատլալլա կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն սերտելու պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումին թղթածրարը`...

Մախզումի Պուխարիի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Մախզումի Պուխարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մախզումի շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ ի գործ դրած բոլոր ջանքերուն` պահպանելու համար Լիբանանի հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Մախզումի շեշտեց, որ լիբանանեան վերջին զարգացումները փաստեցին, թէ սէուտական իշխանութիւնները յանձնառու են Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ նախանձախնդիր` անոր քաղաքացիական...

Քապպարա Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց  Հիւսիսային Լիբանանի Մէջ Բարգաւաճման  Ծրագիրներ Գործադրելու Կարելիութիւնը

Քապպարա Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Հիւսիսային Լիբանանի Մէջ Բարգաւաճման Ծրագիրներ Գործադրելու Կարելիութիւնը

Աշխատանքի նախարար Մոհամետ Քապպարա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հիւսիսային Լիբանանի մէջ իրագործուած ծրագիրները, ինչպէս նաեւ բարգաւաճման ծրագիրներ գործադրելու կարելիութիւնը: Շեշտուեցաւ նաեւ աշխատանքի նախարարութեան գործունէութիւնը բարելաւելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան նախարարութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները` սուրիացի գաղթականներու տագնապին լոյսին տակ: Ռիչըրտ ընդգծեց նաեւ նախարարութեան մէջ գործող հսկողութեան բաժանմունքի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ Գահիրէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսայի հետ: ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս...

Պետական Պիւտճէի Թղթածրարի  «Դասաւորման» Առընթեր.  Ընտրական Օրէնքի Վճռումի  Հարցը` Առանցքային Նիւթ

Պետական Պիւտճէի Թղթածրարի «Դասաւորման» Առընթեր. Ընտրական Օրէնքի Վճռումի Հարցը` Առանցքային Նիւթ

Այն միջոցին, երբ պետական պիւտճէի օրակարգը գտաւ իր «բնականոն հունը» եւ ըստ նախարարներու խոստումին` կրնայ ամբողջանալ այս շաբաթավերջին, անդին սահմանադրական նոյնքան կարեւոր մէկ այլ ժամկէտ` խորհրդարանի պաշտօնավարութեան մօտալուտ աւարտը, երէկ շարունակեց առանցքը կազմել պատասխանատուներու յայտարարութեանց: Արդարեւ, յառաջիկայ յունիսին իր պաշտօնավարութիւնը աւարտող խորհրդարանին առչնութեամբ երկար ատենէ ի վեր պահանջուող ընտրական նոր օրէնքի մշակումը եւ այս գծով արծարծուող այլազան տարբերակները «հովանաւորուեցան» զանոնք...

Նախագահ Աուն. «Բարեկարգումի  Երթը Սկսած Է Եւ Կանգ Պիտի Չառնէ»

Նախագահ Աուն. «Բարեկարգումի Երթը Սկսած Է Եւ Կանգ Պիտի Չառնէ»

«Բարեկարգումի երթը սկսած է եւ պիտի շարունակուի», երէկ հաստատեց նախագահ Միշել Աուն` ընդունելով փտածութեան հարցերու նախարար Նիքոլա Թուէյնին: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ փտածութեան վերացման պահանջը բոլոր լիբանանցիներուն փափաքն է եւ ճիգ պիտի խնայենք իրականացնելու համար այս մէկը: Ապա նախագահ Աուն ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆը, որ նախագահին  ներկայացուց Միւնիխի ապահովական համագումարին իր մասնակցութեան արդիւնքները: Սարրաֆ յայտնեց, որ այս առիթով տեսակցութիւններ...

Յաջորդ Նիստին Պիւտճէի  Քննարկումը Աւարտելու Յոյսով.  Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Յաջորդ Նիստին Պիւտճէի Քննարկումը Աւարտելու Յոյսով. Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Նախարարաց խորհուրդը երէկ կէսօրէ ետք գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ բացակայութեամբ նախարարներ Փիեռ Ռաֆֆուլի եւ Ժամալ Ժարրահի, ճամբորդութեան պատճառով: Ինչպէս որոշուած էր, նիստը յատկացուեցաւ պետական պիւտճէի քննարկման: Շուրջ չորս ժամ տեւած քննարկումի աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, թէ ժողովականները քննած են պիւտճէի օրակարգը, որ կը բաղկանայ 90 կէտերէ: «Ցարդ քննեցինք անոնցմէ 82 կէտ, եւ լիայոյս եմ,...

Թուրքիա Ցարդ Աւելի Քան 25 Միլիառ Տոլար  Ծախսած Է Գաղթականներուն Համար.  Թուրքիոյ Դեսպանը Վերահաստատեց Իր Երկրի Զօրակցութիւնը Լիբանանին

Թուրքիա Ցարդ Աւելի Քան 25 Միլիառ Տոլար Ծախսած Է Գաղթականներուն Համար. Թուրքիոյ Դեսպանը Վերահաստատեց Իր Երկրի Զօրակցութիւնը Լիբանանին

  Պետական զանազան կառոյցներու պատասխանատուներուն տուած իր այցելութեանց ծիրին մէջ, Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէշ երէկ այցելեց գաղթականներու հարցերու պետական նախարար Մուին Մերեհպիի: Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին երկու պետութեանց յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ, յատկապէս Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կարգ մը քաղաքապետութեանց եւ շրջաններու «քոյր» հռչակուելէն ետք: Խօսակցութիւնները նաեւ կեդրոնացան գլխաւորաբար գաղթականներու հարցին շուրջ: Այս առնչութեամբ նախարար Մերեհպի թուրք դեսպանին ներկայացուց Լիբանան...

Փախստական Յանցագործներու  Յանձնումը Պահանջելով`  Ապահովական Պատկան Կողմեր Հսկեցին  Այն Հելուէի Կայունութեան Ամրապնդման

Փախստական Յանցագործներու Յանձնումը Պահանջելով` Ապահովական Պատկան Կողմեր Հսկեցին Այն Հելուէի Կայունութեան Ամրապնդման

Պաղեստինեան հակադիր խմբաւորումներու եւ ապահովական պատասխանատուներու միջեւ նախանցեալ օր Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպանատան մէջ գումարուած ժողովի լոյսին տակ, Սայտայի Այն Հելուէ գաղթակայանը համեմատաբար կայուն ու խաղաղ օր մը ապրեցաւ երէկ: Գաղթակայանի բնակիչները փութացին թօթափել բախումներուն պատճառով եղած աւերները եւ կարելի միջոցներով ջանացին նորոգել իրենց վնասուած վայրերը: Վարժարանները եւ կրթական այլ մարզեր փակ մնացին` ընդհանուր գործադուլի եւ դասադուլի կոչին ընդառաջելով: Այս գծով...

Ըստ «Ախպար»-ի.   Պըրրի Կ՛ուղղուի Երեսփոխանական Ընտրութիւնները  Կատարելու Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Թուականին  Եւ Համաձայն 1960-ի Ընտրական Օրէնքին

Խորհրդարանական Յանձնախումբերը Երկուշաբթի Պիտի Քննեն Աշխատավարձերու Յաւելման Թղթածրարը

Կառավարութեան կողմէ պետական պիւտճէի քննարկման լոյսին տակ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կոչ ուղղեց խորհրդարանական յանձնախումբերուն` միացեալ նիստ մը գումարելու յառաջիկայ երկուշաբթի, 6 մարտին, քննելու համար առնչակից աշխատավարձերու յաւելման թղթածրարը: Այս գծով պետական մարզի երկրորդական վարժարանները նստացոյց մը պիտի կազմակերպեն նշեալ ժողովի գումարման ընթացքին` ժողովականներէն պահանջելով վերջնականապէս վճռել այս հարցը: Նոյն օրը վարժարանները փակ պիտի մնան: Նոյն ծիրին մէջ, հաւանական նկատուեցաւ,...

Նախագահ Աունի Լաւատեսութեան Առընթեր.  Այն Հելուէի Ապահովական Վատթարացումը Փորձաքարի Կ՛ենթարկէ Աունի Իշխանութիւնը

Նախագահ Աունի Լաւատեսութեան Առընթեր. Այն Հելուէի Ապահովական Վատթարացումը Փորձաքարի Կ՛ենթարկէ Աունի Իշխանութիւնը

«Կ՛երազեմ Լիբանանը տեսնել կրօններու երկխօսութեան կռուան», յայտարարեց նախագահ Աուն երէկ, սակայն հակառակ այն լաւատեսութեան, որ նախագահ Միշել Աուն արտայայտեց երկրի կայունութեան ու բարգաւաճման գծով իր իղձին ու երազին մասին` Այն Հելուէ գաղթակայանի ապահովական վատթարացման շարունակումը կու գայ փորձաքարի ենթարկելու նախագահ Միշել Աունի իշխանութիւնը` իր սկզբնական շրջանէն իսկ: Արդարեւ, այն միջոցին, երբ նախագահ Աուն իր իղձն ու երազը բացայայտեց Լիբանանի կայունութեան...

Ընտրական Օրէնքի Քննարկման  Ծիրին Մէջ.  Ժահժահ Այցելեց Պաապտայի Պալատ

Ընտրական Օրէնքի Քննարկման Ծիրին Մէջ. Ժահժահ Այցելեց Պաապտայի Պալատ

Ընտրական օրէնքին վերաբերեալ երէկ քուլիսային թէ բացայայտ խորհրդակցութիւնները շարունակուեցան: Այս առումով իրազեկ աղբիւրներ նկատեցին, որ նախագահ Աուն մօտէն կը հետեւի այս թղթածրարի ծալքերուն եւ ան լաւատես է, որ ի վերջոյ կողմերը պիտի յանգին յարմար լուծումի: Այլապէս` նախագահ Աուն տրամադիր է կողմերու ներկայացուցիչները հրաւիրել` երկխօսութեան սեղանի շուրջ վճռելու այս հարցը: Այս ծիրին մէջ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ երէկ այցելեց...

Սայտայի Այն Հելուէ  Գաղթակայանին Մէջ.  Սաստիկ Բախումներէ Ետք Կողմերը Կը Յաջողին Համաձայնութեան Յանգիլ

Սայտայի Այն Հելուէ Գաղթակայանին Մէջ. Սաստիկ Բախումներէ Ետք Կողմերը Կը Յաջողին Համաձայնութեան Յանգիլ

Բացի քանի մը պատահական կրակոցներէ, պաղեստինեան հակամարտ կողմերու համաձայնութիւնը յաջողեցաւ դադրեցնել եւ կայունացնել Այն Հելուէ գաղթակայանի ապահովական վիճակը: Արդարեւ, ցերեկային բախումները պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումի եւ արմատական «Պիլալ Պատր» խմբաւորումի եւ այլ խմբաւորումներու զինեալներուն միջեւ, հետզհետէ սաստկացաւ` պատճառելով մէկ զոհ եւ վեց վիրաւորներ: Լիբանանեան թէ պաղեստինեան կողմերու վարիչներ փութացին հանդարտեցնել կացութիւնը: Սայտայի քաղաքապետը կոչ ուղղեց անյապաղ դադրեցնելու կրակոցը, «որու արձագանգները կը...

Նախարար Ժըրայսաթի Վերահաստատեց Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումին  «Ոչ»-երը Ընտրական Օրէնքին Վերաբերեալ

Նախարար Ժըրայսաթի Վերահաստատեց Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումին «Ոչ»-երը Ընտրական Օրէնքին Վերաբերեալ

«Ընտրական որեւէ նոր օրէնքի պարագային անիկա պէտք է համընկնի երկրին սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտի չափանիշներուն», յայտարարեց արդարութեան նախարար Սելիմ Ժըրայսաթի, երէկ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի շաբաթական հերթական նիստի աւարտին: Ժըրայսաթի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջադրած ելեկտրականութեան մատակարարման բարելաւման նախագիծը կապ չունի պետական պիւտճէին հետ: Իսկ ընտրական օրէնքին վերաբերեալ նախարար Ժըրայսաթի վերահաստատեց համախմբումի «ոչ»-երը` խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման, սահմանադրական դատարկութեան թէ...

Ժոմպլաթ. «Այն Հելուէն Երկրորդ Մուսուլի Մի՛ Վերածէք»

Ժոմպլաթ. «Այն Հելուէն Երկրորդ Մուսուլի Մի՛ Վերածէք»

«Այն Հելուէն երկրորդ Մուսուլի մի՛ վերածէք», յայտարարեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ, «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ: «Հեռո՛ւ պահեցէք Պաղեստինի կիներն ու մանուկները յեղաշրջականներու արկածախնդրութիւններէն», ընդգծեց Ժոմպլաթ:

Ըստ Ուիամ Ուահապի.  Լիբանանի Դէմ Մեծ Յարձակում Կը Պատրաստուի

Ըստ Ուիամ Ուահապի. Լիբանանի Դէմ Մեծ Յարձակում Կը Պատրաստուի

«Ներկան կը յիշեցնէ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ժամանակաշրջանը», նկատել տուաւ արաբական Թաուհիտ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ, պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին: «Վստահութիւն չկայ իսլամ եղբայրներու խմբաւորումներուն եւ անոնց քաղաքականութեան նկատմամբ», ընդգծեց Ուահապ` նշելով, որ Լիբանան ներկայիս եւ յառաջիկայ հանգրուանին վտանգի սպառնալիքին տակ է: «Լիբանանեան կարգ մը կողմեր կրնան ողջունել Դիմադրութեան դէմ իսրայէլեան որեւէ յարձակում, եւ «պէտք է անոնց հետ...

Հաւաստելով, Որ Առեւանգեալ  Զինուորականներուն Գծով Կապերը  Կը Շարունակուին.  «Լիբանան Համեմատաբար Աւելի Կայուն Վիճակի  Մէջ Է, Քան Շրջապատի Երկիրները»  Ընդգծեց Իպրահիմ

Հաւաստելով, Որ Առեւանգեալ Զինուորականներուն Գծով Կապերը Կը Շարունակուին. «Լիբանան Համեմատաբար Աւելի Կայուն Վիճակի Մէջ Է, Քան Շրջապատի Երկիրները» Ընդգծեց Իպրահիմ

«Ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ կազմակերպութիւնը մեծագոյն վտանգն է Լիբանանի դէմ» հաստատեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ լիբանանեան անգլիատառ «Տը Տէյլի Սթար» թերթին հետ իր հարցազրոյցի պահուն, որ լոյս կը տեսնէ թերթի այսօրուան թիւով: «Լիբանանի ապահովական վիճակը կայուն է` յարաբերաբար շրջանի երկիրներուն», դիտել տուաւ Իպրահիմ` դրուատելով այս գծով տեղական, արաբական թէ արեւմտեան կառոյցներու հետ մնայուն գործակցութիւնը: Առեւանգեալ զինուորականներու ազատ արձակման առնչութեամբ...

Հսկայական Հրդեհ` «Հիունտայ»  Հաստատութեան Շէնքին Մէջ

Հսկայական Հրդեհ` «Հիունտայ» Հաստատութեան Շէնքին Մէջ

Երէկ ուշ երեկոյեան Զալքայի մայրուղիին վրայ գտնուող «Հիունտայ» հաստատութեան շէնքին մէջ հրդեհ մը ծագած է: Հրդեհին պատճառները մնացած են անյայտ: Մինչեւ թերթը մամուլին յանձնելը, հրշէջները կը փորձէին վերահսկողութեան տակ առնել վտանգաւոր կացութիւնը: Նշեալ շէնքին մօտ քարիւղի կայանի մը գոյութիւնը խուճապի մատնած էր շրջանի բնակչութիւնը:

Page 755 of 986 1 … 754 755 756 … 986

Արխիւներ