Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաքուրայի Մէջ. Սարրաֆ Զօր. Պերրիի Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Եւ Բանակին Միջեւ Գործակցութիւնը Բարելաւելու Հեռանկարները

Մարտ 10, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ նախանցեալ օր այցելեց Նաքուրա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:

Զօր. Պերրի յայտնեց, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ բանակին միջեւ գործակցութեան շնորհիւ կարելի եղաւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ սահմանային Կապոյտ գիծը պաշտպանել:

Զօր. Պերրի ընդգծեց, որ այս հանգրուանին եւս կարեւոր է երկկողմանի գործակցութիւնը շարունակել եւ աւելի եւս ամրապնդել զայն:

Ընկերակցութեամբ զօր. Պերրիի, Սարրաֆ այցելեց նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի պահեստի ուժերու կեդրոնը, ուր հանդիպում մը կատարուեցաւ նաեւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժան Իվ լը Տրիանի հետ:

Ապա Սարրաֆ այցելեց սահմանային Կապոյտ գիծին մօտակայքը գտնուող դիրք մը` ստուգելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն աշխատանքը:

Այցելութենէն ետք զօր. Պերրի յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը կը պահպանեն ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերն ու բանակը` գործակցաբար, ընդգծելով հարաւի մէջ բանակին թիւը բարձրացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Զօր. Պերրի շեշտեց, որ այս փուլին ինքնազսպումի խիստ կարիք կայ` նշելով, որ ինք բարձր կը գնահատէ լիբանանեան զինեալ ուժերուն կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը` պահպանելու խաղաղութիւնը եւ կանխարգիլելու ապահովական որեւէ մագլցում:

Մեկնումի պահուն Սարրաֆ գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն աշխատանքները եւ գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց անոնց` հաստատելով, որ լիբանանեան բանակը պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն:

 

Նախորդը

Իմատ Օսման Ստանձնեց Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Հրամանատարութիւնը

Յաջորդը

Զօր. Ժոզեֆ Աուն Ստանձնեց Բանակի Հրամանատարութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?