Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով. «Դո՛ւն Ես Հայրենիքի Երազներուն Հսկող Արթուն Պահակը Եւ Պէտք Է Ներդրումդ Բերես Ի Խնդիր Բաղձալի Փոփոխութեան Իրագործումին» Շեշտեց Նատիա Աուն

March 8, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիներու միջազգային օրուան առիթով իր հրապարակած ուղերձին մէջ, Լիբանանի Առաջին տիկին Նատիա Աուն շեշտեց, որ լիբանանցի կինը ռահվիրայի դերակատարութիւն կը կատարէ տարբեր մարզերու մէջ, հակառակ իր դիմագրաւած հսկայ մարտահրաւէրներուն: Առաջին տիկինը ընդգծեց հաստատ քայլերով յառաջանալու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ այդ պարագային տարբեր մարզերու մէջ անոր ունենալիք դերակատարութիւնը պիտի ըլլայ հեղինակաւոր եւ ազդու դերակատարութիւն մը:

Իր խօսքը ուղղելով լիբանանցի կնոջ` Նատիա Աուն ըսաւ. «Դո՛ւն ես հայրենիքի երազներուն հսկող արթուն պահակը եւ պէտք է ներդրումդ բերես ի խնդիր բաղձալի փոփոխութեան իրագործումին»:

«8 մարտի առիթով կը շնորհաւորեմ իւրաքանչիւր լիբանանցի կին` ըլլայ ան մայր, մեծ մայր, դուստր, քոյր, հարս, բարեկամուհի, թէ կեանքի ընկերուհի, ի՛նչ դիրքի կամ պաշտօնի վրայ որ ըլլայ ան, որովհետեւ պաշտօնները կրնան փոխուիլ, սակայն համակ նուիրումի, զոհողութեան եւ ինքնամոռացութեան աստիճան նուիրուելու յատկանիշները կը յատկանշեն զանոնք», նշուեցաւ Առաջին տիկնոջ ուղերձին մէջ:

Նատիա Աուն բարձր գնահատեց բոլոր կիներուն զոհողութիւնները` շեշտելով, որ տարբեր ընկերութիւններուն մէջ կիներուն ձգտումներն ու պահանջները տարբեր են` նկատի ունենալով մշակոյթներն ու բարգաւաճումը:

«Մեզի համար կարեւորագոյնը կը մնայ արեւելքցի կինը, որ պէտք է գիտակցի, թէ ինքն ու տղամարդը գործակիցներ են եւ զիրար կ՛ամբողջացնեն` ունենալով հանդերձ հաւասար իրաւունքներ: Շա՛տ զոհուեցար, դաստիարակեցիր, նեցուկ կանգնեցար եւ զօրակցեցար: Հիմա արդէն իսկ ժամանակն է, որ դուն ալ յառաջդիմես եւ քու անձնական նուաճումներդ արձանագրես: Մարդկութեան պատմութիւնը, ինչպէս Արեւելքի պատմութիւնը, բազմաթիւ էջեր արձանագրած է իրենց հետքն ու անունը ձգած շարք մը կին դէմքերու մասին` գրականութեան, արուեստի, քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ պատերազմներու եւ նոյնիսկ Դիմադրութեան մարզերուն մէջ», շեշտեց Առաջին տիկինը:

Նատիա Աուն կոչ ուղղեց կնոջ ստեղծելու իր առիթը` հաստատելով, որ առիթները կը ստեղծուին եւ ոչ թէ կը յայտնուին: «Յառաջացի՛ր հաստատ քայլերով, առանց ետդարձի, եւ համոզուած եմ, որ բոլոր մարզերուն մէջ մասնակցութիւնդ բացառիկ յաջողութեամբ պիտի պսակուի: Դուն ես հայրենիքին երազներուն հսկող արթուն պահակը, եւ անոր զարթօնքին ու ակնկալուած փոփոխութիւնը կերտելու առումով ունենալիք ներդրումդ անհրաժեշտութիւն է, հետեւաբար անվարան նախաձեռնէ այդ աշխատանքին», եզրափակեց Առաջին տիկինը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Քաղաքացիներուն, Համայնքներուն Եւ Յարանուանութիւններուն Միջեւ Հաւասարութիւն Հաստատելու

Յաջորդը

Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտին Մէջ Ստեղծուած Է Հայաստանի Եւ Արցախի Հարցերու Յատուկ Յանձնախումբ

RelatedPosts

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի
Գլխաւոր լուրեր

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

January 16, 2026
Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի Հետ  6 Նոր Համաձայնութիւններ Կնքեց
Լիբանանեան

Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի Հետ 6 Նոր Համաձայնութիւններ Կնքեց

January 16, 2026
Պըրրի Յորդանանի Վարչապետին Եւ Սէուտցի  Պատուիրակին Հետ Ունեցաւ Անջատ Հանդիպումներ
Լիբանանեան

Պըրրի Յորդանանի Վարչապետին Եւ Սէուտցի Պատուիրակին Հետ Ունեցաւ Անջատ Հանդիպումներ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.