Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ռիչըրտ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ լիբանանեան բանակին օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ անոր կարողութիւններուն բարելաւումին: