Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Կատարեց Ապահովական Կառոյցի Պետերու Նշանակումներ Եւ Համաձայն Գտնուեցաւ Սեռային Նեղութեան Ենթարկումը Պատժելու Օրէնքին

Մարտ 9, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:20-ին, Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 40 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, եւ տրուեցան շարք մը որոշումներ, ինչպէս նաեւ կատարուեցան ապահովական կառոյցի պետերու նշանակումներ:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահական պալատ հասած վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շնորհաւորած է կիները` Կիներու միջազգային օրուան առիթով, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդին ներկայացուց Եգիպտոս եւ Յորդանան իր կատարած պաշտօնական այցելութիւններուն արդիւնքները:

«Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան ոչ ոքի դէմ յարձակում կը շղթայազերծէ, այլ ինքզինք եւ իր ազգային միասնականութիւնը կը պաշտպանէ: Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց քաղաքական համայնքայնութեան փուլը փակելու եւ անցնելու քաղաքացիութեան փուլին` աւելցնելով, որ լիբանանեան ընկերութիւնը միացնողները օրէնքներն են: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ խաղաղութեան եւ սիրոյ պատգամ ըլլալէ բացի, Լիբանան կը կրէ նաեւ Պաղեստինեան դատը, որպէսզի ան մոռացութեան չենթարկուի», ըսաւ Ռիաշի:

Տեղեկատուութեան նախարարը շեշտեց նաեւ, որ նախագահ Աուն զեկուցած է ամերիկեան պատուիրակութիւններուն հետ ունեցած իր հանդիպումներուն մասին` աւելցնելով, որ անոնց փոխանցած է միջազգային բանաձեւերը գործադրելու իմաստով Լիբանանի յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնցմէ խնդրած է միշտ զօրակցիլ լիբանանեան բանակին:

Ռիաշի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին խօսք առած է նաեւ վարչապետ Հարիրի, որ ընդգծած է, թէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան առումով կառավարութեան հաղորդագրութիւնը բաւական յստակ եղած է:

«Վարչապետը կոչ ուղղեց տարակարծութիւնները մէկդի դնելու եւ Լիբանանի շահերուն մասին մտածելու: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ նշանակումները պիտի ըլլան կառավարութեան արձանագրելիք նուաճումներէն մէկը», ըսաւ Ռիաշի:

Ապա Ռիաշի թուեց կառավարութեան կողմէ նշանակուած ապահովական կառոյցի պետերուն անուանացանկը.

– Զօր. Ժոզեֆ Աուն` բանակի հրամանատար (անոր զինուորական աստիճանի բարձրացում շնորհելէ ետք)

– Գնդապետ-զօրավար Ասաատ Թուֆայլի` Մաքսատան գերագոյն խորհուրդի նախագահ

– Հազարապետ-զօրավար Սաատալլա Համատ` Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար (անոր զինուորական աստիճանի բարձրացում շնորհելէ ետք)

– Դատախազ Հէյլանա Իսքանտար` արդարութեան նախարարութեան մէջ դատական հարցերու խորհուրդի նախագահ

– Հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման` ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն (անոր զինուորական աստիճանի բարձրացում շնորհելէ ետք): Ռիաշի աւելցուց, որ աւելի ուշ գնդապետ Խալետ Համմուտ պիտի նշանակուի ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի տնօրէն:

– Հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ իբրեւ քաղաքացի վերանշանակուեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն, զինուորական անձնակազմէն հրաժարելէ ետք

– Հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա` Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն (անոր զինուորական աստիճանի բարձրացում շնորհելէ ետք)

– Պատրի Տահեր` մաքսատան ընդհանուր տնօրէն

– Ֆըրիալ Տալլուլ` Պետական շուրային մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ

– Դատախազ Ժորժ Աթիէ` Պետական քննիչներու կեդրոնական խորհուրդի նախագահ

– Պուրքան Սաատ` Դատական իշխանութիւններուն մօտ քննիչներու խորհուրդի նախագահ

Ռիաշի նշեց, որ կառավարութիւնը որոշեց Լեռնալիբանանի նահանգապետ Ֆուատ Ֆլայֆելը պահել իր պաշտօնին վրայ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն համար, մինչեւ որ կարելի ըլլայ նոր նահանգապետի մը նշանակումը:

Պէտք է ընդգծել նաեւ, որ Կիներու միջազգային օրը Լիբանանի մէջ յատկանշական դարձաւ այն իմաստով, որ կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին համաձայն գտնուեցաւ սեռային նեղութեան ենթարկումը պատժելու օրէնքին:

Նախորդը

Պըրրի. «Աշխատավարձի Յաւելումը Իրաւունք Է Եւ Պէտք Է Զայն Վաւերացնել»

Յաջորդը

Վարչապետ Կարապետեան. «Թող Ձեր Կեանքում Միշտ Գարուն Լինի` Ծաղիկներով Զարդարուած»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի  Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի  Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած  Մնալու Իրենց Հողին
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած Մնալու Իրենց Հողին

Մայիս 15, 2025
Ֆատլալլա. «Դիմադրող Հըզպալլան Լիբանանեան  Ժողովուրդի Մէկ Հիմնական Մասն Է, Եւ Որեւէ Ուժ  Չի Կրնար Ազդել Անոր Ներկայութեան Վրայ»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Դիմադրող Հըզպալլան Լիբանանեան Ժողովուրդի Մէկ Հիմնական Մասն Է, Եւ Որեւէ Ուժ Չի Կրնար Ազդել Անոր Ներկայութեան Վրայ»

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?