Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Քաղաքացիներուն, Համայնքներուն Եւ Յարանուանութիւններուն Միջեւ Հաւասարութիւն Հաստատելու

March 8, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան արաբական պայքարի շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ շարժումի ընդհանուր քարտուղար, նախկին երեսփոխան Ֆայսալ Տաուտի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ համայնքային ու յարանուանական շարք մը հարցեր:

Այդ քննարկումներուն լոյսին տակ նախագահ Աուն շեշտեց համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու կարեւորութիւնը` նկատել տալով, որ այդ օրէնքը առիթ պիտի տայ ներկայացնելու փոքրամասնութիւնները:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն, համայնքներուն եւ յարանուանութիւններուն միջեւ հաւասարութիւն հաստատելու:

Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ փտածութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Միջազգային դրամատան փոխնախագահ Հաֆեզ Ղանեմը, որուն ընկերակցեցան ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան եւ Միջազգային դրամատան շրջանային տնօրէն Ֆարիտ Պալհաժ:

Ղանեմ յայտնեց, որ Միջազգային դրամատունը որոշած է Լիբանանի օժանդակութեան ֆինանսաւորումը աւելցնել` միաժամանակ նուազեցնելով այդ ֆինանսաւորումին պարտադրած տոկոսները:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Շորթըր հաստատեց լիբանանեան ընկերութեան եւ հաստատութիւններուն զօրակցելու կարեւորութիւնը, յատկապէս լիբանանեան բանակին օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը:

Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որուն հետ նախագահ Աուն քննարկեց բանակին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` իբրեւ բանակի հրամանատար իր թափած ջանքերուն համար, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած վտանգաւոր եւ զգայուն հանգրուանին ընթացքին բանակին կողմէ երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարը:

 

Նախորդը

«1960-ի Ընտրական Օրէնքն Ու Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը Աւելի Վատ Են, Քան` Թափուր Դրութիւնը» Ընդգծեց Քանաան

Յաջորդը

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով. «Դո՛ւն Ես Հայրենիքի Երազներուն Հսկող Արթուն Պահակը Եւ Պէտք Է Ներդրումդ Բերես Ի Խնդիր Բաղձալի Փոփոխութեան Իրագործումին» Շեշտեց Նատիա Աուն

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.