ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ մարտ ամիսը վճռորոշ է` ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու իմաստով: Անդրադառնալով աշխատավարձի յաւելումներուն` Պըրրի շեշտեց, որ այդ յաւելումները պէտք է վաւերացուին, որովհետեւ անոնք իրաւունք են:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ընդգծելով յատկապէս Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ ընտրական խառն օրէնք մը մշակելէ փախուստ չկայ` աւելցնելով, որ այդ ջանքերը արգելակելու բոլոր փորձերուն դէմ պիտի դրուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ ընտրական օրէնքի մշակումը կառավարութեան պարտականութիւնն է եւ ոչ թէ խորհրդարանին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքը պիտի վաւերացուի յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին` աւելցնելով, որ խառն ընտրական օրէնքը վաւերացնելու առիթները մեծ են: Ան նշեց, որ ընտրական օրէնքը վերջնականացնելու իմաստով արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ մեծ ջանքեր ի գործ կը դնէ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի հաստատեց, որ ինք կը նախատեսէ, որ ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացուի խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանի աւարտէն առաջ, այսինքն` 20 յունիսէն առաջ, խառն ընտրական օրէնքին հիման վրայ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ ընտրական որեւէ օրէնքի մէջ 30 առ հարիւր համեմատութեամբ կիներու ներկայացուցչութիւնը դրական քայլ մը կը նկատուի:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, քանի մը օր առաջ Լիբանան դրական պատասխան մը ստացած է Սէուտական Արաբիոյ թագաւորէն` Լիբանան այցելութեան համար նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրին ընդառաջելու իմաստով:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, սէուտցի դիւանագէտ Ուսամա Նաքլի նախքան 27 մարտը պիտի նշանակուի Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ քաղաքական ուժերուն միջեւ ընտրական օրէնքի մը շուրջ ցարդ համաձայնութիւն գոյութիւն չունի:
ԶԱՀԼԷԻ երեսփոխանական պլոքը հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Սաֆատի կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն համամասնական օրէնքին հիման վրայ ընտրական օրէնք մը մշակելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավարի խորհրդատու Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ իրենք բանակի հրամանատարի անձին դէմ չեն` աւելցնելով, որ իրենք եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը միասնաբար ընտրած են Ժոզեֆ Աունի անունը:
«ՆԱՇՐԱ» կայքին համաձայն, բանակի նոր նշանակուած հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն իր պաշտօնը ստանձնելէ ետք Թոնի Մանսուրը պիտի նշանակէ բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ բարձր գնահատեց հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպայի նշանակումը` իբրեւ պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն: