Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մտավախութիւնս Այն Է, Որ Ապրիլ Ամիսը Թեւակոխենք Առանց Ընտրական Օրէնքի» Շեշտեց Պըրրի

March 8, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին մտավախութիւն յայտնեց, որ ապրիլ ամիսը թեւակոխենք առանց ընտրական օրէնքի:

Պըրրի իր այցելուներուն յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքի մը յանգելու համար ընթացք առած խորհրդակցութիւնները անելի մատնուած են, եւ ոչ մէկ կողմ կրնայ յառաջանալ:

Պըրրի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան նախօրեակին, երբ ինք կ՛առաջարկէր նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել, քաղաքական որոշ ուժեր մերժած էին իր առաջարկը` զայն կոչելով ամբողջական փաթեթ մը:

Ան նշեց, որ եթէ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը աւարտի` առանց ընտրական նոր օրէնքի մը մշակման, ապա խորհրդարանը լուծուած կը նկատուի եւ ոչ մէկ ձեւով կարելիութիւն կրնայ ստեղծուիլ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու:

Պըրրի հաստատեց, որ գործադիր իշխանութիւնը պատասխանատու է այս կացութեան:

Միւս կողմէ, Պըրրի դիտել տուաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ ընտրական խորհուրդները հրաւիրելու շրջաբերականը չվաւերացնելն ու խորհրդարանը թափուր դրութեան մատնելու սպառնալիքները կը միտին լիբանանեան քաղաքական ուժերը մղել ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու:

Նշենք, որ Պըրրի երէկ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններն ու ընտրական յատուկ օրէնքը:

Միքաթի յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը նախագահական ընտրութենէն շատ աւելի կարեւոր է: Ան կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն գործադրելու երկրին սահմանադրութիւնը եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու ճշդուած թուականին:

Այն Թինէի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ֆրանսուա Փարաս եւ Միջազգային դրամատան փոխնախագահ Հաֆեզ Ղանեմ:

 

 

Նախորդը

Քազինօ Տը Լիպանի Ընդհանուր Տնօրէնին Արգիլուած Է Երկրէն Հեռանալ

Յաջորդը

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Այսօր Երեկոյեան Ժամը 5:30-ին Պիտի Գումարեն Այլ Նիստ Մը

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական  Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական  12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել
Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական 12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել

January 14, 2026
Լիբանան Ճերմակ Հագաւ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանան Ճերմակ Հագաւ

January 14, 2026
Եգիպտոսի Մէջ.  Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ
Լիբանանեան

Եգիպտոսի Մէջ. Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.