Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, խորհրդարանին մէջ շարունակեցին պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին քննարկումը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի:
Նիստէն ետք ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ միացեալ յանձնախումբերը վաւերացուցած են պետական պաշտօնեաներուն, ուսուցիչներուն եւ զինուորականներուն աշխատավարձի յաւելումին ցուցակները:
Ան նշեց, որ երեսփոխանները քուէարկեցին, որ յաւելումին ծախսերը 1200 միլիառ լ. ոսկիի սահմաններուն մէջ ըլլան` աւելցնելով, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամները վերապահութիւն յայտնեցին ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումին առնչութեամբ:
Քանաան յայտնեց, որ միացեալ յանձնախումբերը վաւերացուցին ուսուցիչներուն եւ զինուորականներուն աշխատավարձի յաւելումներուն ցուցակները` որոշ բարեփոխումներէ ետք, աւելցնելով, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը այսօր եւս պիտի գումարեն նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի շարունակեն քննարկել յաւելումները ֆինանսաւորելու եկամուտի հարցը, ինչպէս նաեւ որդեգրուելիք բարեկարգումները` պահպանելու համար երկրին ելեւմտական կայունութիւնը:
Քանաան յայտնեց, որ պատահածը բոլորին գոհունակութիւն չի պատճառեր եւ ուսուցիչներուն ու զինուորականներուն ձգտումները չ՛ամբողջացներ` շեշտելով, որ բարեկարգումները պահանջուած են, որպէսզի յաւելումները քաղաքացիներուն քսակէն չֆինանսաւորուին, այլ` մսխումը հակակշռելով եւ փտածութեան դէմ պայքարելով:
Քանաան շեշտեց, որ այսօր խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը նոր նիստ մը պիտի գումարեն` ընդգծելով, որ իրենք յանձնառու են, որ միջակ եւ համեստ դասակարգերը յաւելեալ տուրքերու չենթարկուին: