Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Աշխատավարձի Յաւելումը Իրաւունք Է Եւ Պէտք Է Զայն Վաւերացնել»

March 9, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Անդրադառնալով պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներ շնորհելու թղթածրարին` Պըրրի շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումը իրաւունք է եւ պէտք է զայն վաւերացնել:

Պըրրի ընդգծեց, որ այդ բոլորը ճիշդ կերպով կ՛ընթանան` աւելցնելով, որ այդ հարցին դիմաց ոչ մէկ խոչընդոտ գոյութիւն ունի:

Անդրադառնալով ընտրական օրէնքին` Պըրրի յայտնեց, որ ցարդ ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է այդ իմաստով` աւելցնելով, որ պէտք չէ ժամանակ կորսնցնել, այլ աշխատիլ` ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու ի խնդիր:

Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆը, որուն հետ քննարկեց ապահովական իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Սարրաֆ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումները միշտ ալ կը կատարուին խորհրդակցութիւններու նպատակով:

Ան նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած են նաեւ Պեքաայի ապահովութեան վերաբերող հարցեր` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է վերջ տալ այդ շրջանին մէջ տիրող ապահովական ապակայունութեան:

Սարրաֆ յայտնեց նաեւ, որ ինք շնորհակալութիւն յայտնած է Պըրրիին պետական ամավարկի վաւերացման հոլովոյթը արագացնելու ելեւմուտքի նախարարին ճիգերուն համար:

Սարրաֆ շեշտեց, որ Լիբանանի համար կարեւորագոյն թղթածրարներէն կը մնայ լիբանանեան բանակին զինումն ու անոր կարողութիւններուն բարելաւումը, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը:

Պատասխանելով Արաբական լիկային մէջ Լիբանանի կեցուածքներուն նկատմամբ ցուցաբերուած վերապահութիւններուն` մասին հարցումի մը` Սարրաֆ ըսաւ, որ Լիբանանի դիւանագիտական յարաբերութիւնները կը ճշդեն հանրապետութեան նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով, որ ինք յանձնառու է հանրապետութեան նախագահին արտայայտած կեցուածքներուն:

«Նոյնիսկ այն յայտարարութեան, թէ բանակը տկա՞ր է» հարցումին պատասխանելով Սարրաֆ ըսաւ. «Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն չըսաւ, որ բանակը տկար է, այլ յայտնեց, որ բանակը պատրաստ չէ: Իրաւամբ ալ այդպէս է, եթէ ուզենք մեր բանակը բաղդատել այլ բանակներու հետ, եւ այս իմաստով բանակի հրամանատարը հսկայ աշխատանք ունի կատարելիք: Այս առիթով կը շնորհաւորեմ նաեւ բանակի նոր հրամանատարը եւ կը խոստանամ անոր նեցուկ կանգնիլ, ինչպէս նաեւ անոր կրնամ յայտնել խորհրդարանի նախագահին շնորհաւորութիւններն ու զօրակցութիւնը»:

 

 

Նախորդը

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Վաւերացուցին Պաշտօնեաներուն, Ուսուցիչներուն Եւ Զինուորականներուն Աշխատավարձի Յաւելումին Ցուցակները

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Կատարեց Ապահովական Կառոյցի Պետերու Նշանակումներ Եւ Համաձայն Գտնուեցաւ Սեռային Նեղութեան Ենթարկումը Պատժելու Օրէնքին

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.