Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցան խորհրդարանին կողմէ վերջերս որդեգրուած որոշումները:
Նիստէն ետք երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին խորհրդարանը պիտի գումարէ ընդհանուր քննարկման լիագումար նիստեր, որոնք քանի մը օրուան տեւողութիւն պիտի ունենան:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպան Լին Լենտ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան-նորվեկիական գործակցութիւնը:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումի: