ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը ընտրական նոր օրէնք մը մշակեն:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց ծրագրաւորումի պետական նախարար Միշել Ֆարաոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ֆարաոն ընդգծեց Ամմանի մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի արտասանած խօսքին կարեւորութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ եթէ ընտրական օրէնքը համամասնական դրութեամբ որդեգրուի, ապա իրենք համաձայն են ընտրաշրջաններու բաժանումները քննարկելու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ Արաբական լիկայի վեհաժողովին ընթացքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի արտասանած խօսքը իւրաքանչիւր լիբանանցիի սրտի արտայայտութիւնն էր:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ Հարաւային արուարձաններ այցելելէ ետք յայտնեց, որ ժամանակն է արդէն մնայուն եւ արմատական լուծում մը գտնելու աղբի տագնապին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ աղբի թղթածրարին առումով լիբանանեան պետութիւնը տակաւին զերօ կէտին վրայ կը գտնուի, բացի այն իրականութենէն, որ աղբերը կը փոխադրուին ժամանակաւոր կերպով գործող թափօններու թաղման վայրեր:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարութեան նամակ յղող լիբանանցիները իրենց գործած այդ արարքով ծառայած են Իսրայէլի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ դէպի Ամման ուղղուած լիբանանեան պաշտօնական միացեալ պատուիրակութիւնը բարձրացուց լիբանանցիներուն արժէքը եւ հզօր դարձուց լիբանանեան պաշտօնական կեցուածքը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ Ֆարիտ Խազեն հաստատեց, որ Յորդանանի վեհաժողովը արաբական, շրջանային եւ միջազգային ըմբռնում ցուցաբերած է Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքին նկատմամբ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռայա Հասան յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը յաւելեալ ուսումնասիրութեան կարիք ունի, նախքան անոր վաւերացումը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին տեղի պիտի չունենան, նոյնիսկ եթէ ընտրական օրէնքը այս պահուս վաւերացուի:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատած են, որ ան կը շարունակէ մերժել համայնքային եւ յարանուանական քուէարկութեան կարելիութիւնները:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կրնայ խորհրդարանը օրէնսդրական նիստի մը հրաւիրել խորհրդարանի պաշտօնավարութեան աւարտին վերջին օրուան ընթացքին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Արաբական լիկայի վեհաժողովին ընթացքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի արտասանած խօսքը դրական ազդեցութիւն ձգած է արաբական պատուիրակութիւններու նախագահներուն վրայ: