Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին Նախօրեակին. Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարները Համախոհութեամբ Կը Վաւերացնեն Լիբանանին Զօրակցելու Որոշումը

March 28, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յորդանանի մէջ Արաբական լիկան իր վեհաժողովը պիտի գումարէ չորեքշաբթի, 29 եւ հինգշաբթի 30 մարտ 2017-ին:

Վեհաժողովին ընթացքին Լիբանան պաշտօնապէս պիտի ներկայացուի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունով եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիով:

Միւս կողմէ, վեհաժողովի նախօրեակին, Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ Ամմանի մէջ գումարեցին իրենց նիստը` նախագահութեամբ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի:

Նիստին ընթացքին Ապուլ Ղէյթ շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապը շրջանին դիմագրաւած մեծագոյն տագնապն է` աւելցնելով, որ այդ տագնապին գծով որեւէ լուծում պէտք է պահպանէ Սուրիոյ միասնականութիւնն ու ամբողջականութիւնը:

Ապուլ Ղէյթ ընդգծեց, որ Արաբական լիկան պէտք է սուրիացի տեղահանուածները հիւրընկալող երկիրներուն ներկայացնէ իր զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը` «այդ երկիրներուն շարքին նախապատուութիւնը տալով Յորդանանի ու Լիբանանի», ըսաւ ան:

Ապուլ Ղէյթ հաստատեց նաեւ, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը պէտք չէ արեւմտեան երկիրներուն վստահիլ` աւելցնելով, որ Արաբական լիկայի բարեկարգումը պէտք է շարունակել, հակառակ տիրող պայմաններուն:

Արաբ արտաքին գործոց նախարարները համախոհութեամբ վաւերացուցին Լիբանանին զօրակցելու որոշումը` լիբանանեան դիւանագիտական ջանքերուն եւ Լիբանանի հանդէպ ցուցաբերուած յաւելեալ հասկացողութեան շնորհիւ:

Ըստ տեղեկութիւններուն, Ծոցի կարգ մը երկիրներ առանցքային դերակատարութիւն ունեցած են Լիբանանի զօրակցութեան իմաստով համախոհութիւն ապահովելու ճիգերուն մէջ:

Արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին Լիբանան շարունակեց իր վերապահութիւնը` Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատող պայմաններուն, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներու ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալու իմաստով Իրանը դատապարտող որոշումին դէմ:

Նշենք, որ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ուեհպէ շեշտեց արաբական երկիրներուն ներքին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց յարգելու Արաբական լիկայի ուխտը, որուն համաձայն, արաբական երկիրներուն իւրայատկութիւնները պէտք է յարգել եւ անոնց ներքին հարցերուն չմիջամտել:

Ուեհպէ շեշտեց, որ արաբ ժողովուրդին հիմնահարցը Պաղեստինեան հարցն է` աւելցնելով, որ անոր յարմարագոյն լուծումը արդար եւ ամբողջական լուծումի`  մայրաքաղաք Երուսաղէմով Պաղեստինի մը ստեղծման գործադրութիւնն է, ՄԱԿ-ի որոշումներուն համաձայն:

Անդրադառնալով Լիբանանի կացութեան` Ուեհպէ ընդգծեց լիբանանցիներուն միասնականութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով, հակառակ անոր բազմազանութեան:

Ուեհպէ մաղթեց, որ Արաբական լիկան զօրակցութիւն յայտնէ Լիբանանին` նկատի ունենալով անոր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները: «Լիբանան զօրակցութիւն կը պահանջէ, որովհետեւ կը գտնուի այնպիսի փուլի մը մէջ, որ կրնայ իրեն համար ամէնէն վտանգաւորը ըլլալ` նկատի ունենալով իր հողերուն վրայ գտնուող մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուածները եւ կէս միլիոն պաղեստինցի գաղթականները», ըսաւ ան:

Ուեհպէ շնորհակալութիւն յայտնեց արաբական երկիրներուն կողմէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան նկատմամբ ցուցաբերուած նախանձախնդրութեան:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց 2017-ի Պետական Ամավարկը

Յաջորդը

Ասիա-2019. Այսօր` Լիբանան – Հոնկ Քոնկ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.