Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Եւ Վարչապետ Հարիրի Ուղղուեցան Յորդանան` Լիբանանը Ներկայացնելու Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին

March 29, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կառավարութեան նիստին աւարտէն ետք նախագահական պալատէն ուղղուեցան Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուրկէ անոնք միասնաբար մեկնեցան Յորդանան` Լիբանանը ներկայացնելու Արաբական լիկայի 28-րդ վեհաժողովին, որ իր աշխատանքներուն պիտի սկսի այսօր:

Օդանաւին մէջ վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ մօտիկ ապագային լիբանանցիներուն կարելի պիտի ըլլայ աւետել ընտրական օրէնքին մասին գոյացած համաձայնութիւնը` աւելցնելով, որ դէպի Յորդանան ուղղուող լիբանանեան միացեալ պատուիրակութիւնը կը դրսեւորէ լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը:

Լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին կողմէ:

Նախագահ Աուն իր կեցութեան վայրին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովի հետ:

Հանդիպումէն ետք Պոկտանով յայտնեց, որ Մոսկուա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ օժանդակելու իր արաբ եղբայրներուն` լուծելու համար շրջանի տագնապները:

Ան տրամաբանական նկատեց Սուրիոյ ներկայութիւնը Արաբական լիկայի վեհաժողովին եւ արաբական այլ երկիրներու հետ անոր գործակցութիւնը:

Ան նկատել տուաւ, որ իրենց համար Սուրիոյ տագնապին լուծումը կարելի կրնայ ըլլալ միայն քաղաքական միջոցներով եւ բանակցութիւններու ընդմէջէն:

Պոկտանով նշեց, որ լիբանանեան-ռուսական գործակցութիւնն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները հեզասահ կ՛ընթանան` աւելցնելով, որ իրենք միշտ պատրաստ են նախագահ Աունը հիւրընկալելու Ռուսիոյ մէջ:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախկին նախագահներ Ամին Ժեմայէլ եւ զօր. Միշել Սլէյման, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա, Նեժիպ Միքաթի եւ Թամմամ Սալամ յատուկ նամակով մը դիմեցին Արաբական լիկային` խնդրելով վերահաստատել «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը վերստին որդեգրելու կարեւորութիւնը, մանաւանդ շրջանային առանցքներէն չէզոք մնալու եւ Սուրիայէն Հըզպալլայի հեռացման հարցերով:

Վարչապետ Հարիրի այս մասին լրագրողի մը կողմէ ուղղուած հարցումին պատասխանեց հետեւեալ ձեւով. «Վեհաժողովին ընթացքին Լիբանանի պաշտօնական կարծիքը կը ներկայացնեն նախագահ Աունն ու ես»:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Ելեկտրականութեան Յատուկ Ծրագիրը

Յաջորդը

Լուքաշենքօ Կը Յայտարարէ, Որ Չ՛ուզեր Վիճիլ Ո՛չ Ազրպէյճանի, Ո՛չ Ալ Հայաստանի Հետ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.