Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Պետական Ամավարկի Սկզբունքային Վաւերացումը Լաւ Քայլ Մըն Է Պետութեան Նիւթական Ընթացքը Բարելաւելու»

March 29, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ առաւօտեան ժամը 8:30-ին Սին էլ Ֆիլի մէջ նախագահեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի արտակարգ նիստին:

Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ իրենք սկզբունքով վաւերացուցած են 2017-ի պետական ամավարկը` անոր մէջ ներառելով նոր հիմքեր:

Ան նշեց, որ ընկերային եւ հարկային արդարութիւնը կ՛ենթադրէ մեծ ընկերութիւններու եւ ներդրողներու վրայ յաւելեալ տուրքեր պարտադրել` աւելցնելով, որ յաջողած են սահմանափակել պետական պիւտճէի նիւթական բացը փակելու համար փոխ առնուած վարկերը:

«Պետական ամավարկի սկզբունքային վաւերացումը լաւ քայլ մըն է պետութեան նիւթական ընթացքը բարելաւելու», ըսաւ ան:

Պասիլ շեշտեց, որ կայ պետական ամավարկին հետ կապ չունեցող հարց մը, որն է տարեցներու ապահովագրութիւնը, որ պէտք է փոխանցուի խորհրդարան: Ան նշեց նաեւ, որ կալուածներու արժեւորման հոլովոյթը պէտք է կեդրոնականացնել` աւելցնելով, որ ոչ ոք իր կալուածը անոր ճիշդ արժէքով կ՛արձանագրէ:

Պասիլ յայտնեց, որ այս հոլովոյթը ճշգրտօրէն կատարելու պարագային հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ կրնան ապահովուիլ պետական գանձարկղին, եւ այս պատճառով ալ ելեւմուտքի նախարարը առաւելագոյնս մէկ ամսուան ընթացքին պիտի կատարէ հետապնդումները:

Պասիլ նշեց, որ դրամատուներն ու մաքսատան ապահոված մուտքերը նման հոլովոյթներու ենթարկուելու կարիք ունին` աւելցնելով, որ այս բոլոր հաստատութիւններուն ընթացքը պէտք է բարելաւել, ապա թէ ոչ կառավարութիւնը իր աշխատանքին մէջ ձախողած կ՛ըլլայ:

Պասիլ շեշտեց, որ այս բոլորին մէջ հիմնահարցեր կը նկատուին նաւահանգիստն ու անոր ապահոված շահերը:

«Նաւահանգիստը նոր վարչութեան մը կարիքը ունի», ըսաւ ան:

Պասիլ նաեւ ընդգծեց, որ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին իրենք վերապահութիւն յայտնած են Յաւելուած արժէքի տուրքը 1 առ հարիւրով բարձրացնելու առումով, եւ պահանջած անոր փոխարէն յաւելեալ տուրքերու ենթարկել դրամատուները եւ կալուածներու վերաբերող տուրքերը:

«Կարեւորը այն է, որ պետական ամավարկին համար նիւթական հսկայ գումարներ ապահովուին», ըսաւ ան:

Պասիլ նշեց, որ կառավարութեան նիստերուն ընթացքին երբեք չեն արծարծուած ժողովուրդին, յատկապէս համեստ դասակարգին վրայ պարտադրուելիք ընդհանուր տուրքերը: «Ասիկա այն ամավարկը չէ, որուն կը ձգտինք, սակայն անիկա ընդունելի սկիզբ մըն է` ընկերային արդարութիւն բանեցնելու: Եթէ այս հոգեբանութեամբ շարունակենք, ապա պիտի սկսինք տնտեսական եւ ելեւմտական սրբագրութեան», ըսաւ Պասիլ:

Նախորդը

Մաշնուք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Մէջ Քննարկեց Ապահովական Մարզին Մէջ Գործակցութեան Կարելիութիւնները

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Ելեկտրականութեան Յատուկ Ծրագիրը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.