Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 30, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մարտիկներ նախանցեալ գիշեր բուռն ռմբակոծումի ենթարկեցին արեւելեան Արսալի` Ուատի Օուէյնիի շրջանին մէջ գտնուող Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերը:

Հըզպալլայի պատերազմական տեղեկատուութեան բաժանմունքին համաձայն, ռմբակոծումներուն պատճառով արձանագրուած են բազմաթիւ վիրաւորներ:

ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ երեկոյեան Պապ Թըպպանէի մէջ, մասնաւորաբար «Ուալիտ» վաճառատուներուն մօտակայքը ձեռնառումբ մը նետուեցաւ անծանօթներու կողմէ: Բանակը իսկոյն փութաց դէպքին վայրը եւ շրջափակեց շրջանը:

ԵՐԷԿ առաւօտեան կանուխ ժամերուն իսրայէլեան շրջուն ջոկատ մը հսկողութեան խիստ միջոցառումներ որդեգրած է սահմանային Կապոյտ գիծի շրջակայքը, Թալլեթ Ապատի, Մթըլլէի, Թիլալ Ատայսէի եւ Ֆաթիմայի դարպասին մօտակայքը: ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերն ու լիբանանեան բանակը իրենց կարգին հսկողութիւն կատարած են Թալլեթ Նահհասի, Ուազզանիի եւ Մարժ Խիամի մօտակայքը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս երէկ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլան, որուն հետ քննարկեց հիւսիսային Մեթնի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներ իրագործելու կարիքը:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապի Ասի մաղթեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլի ելեկտրականութեան ծրագիրը ըլլայ առիթ մը սեփական մարզը մասնակից դարձնելու այդ աշխատանքին:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ ելեկտրականութեան թղթածրարի յաջողութեան իմաստով ազգային գրեթէ ամբողջական համախոհութիւն գոյութիւն ունի:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին շեշտեց, որ ելեկտրականութեան ծրագիրին առնչութեամբ արձանագրուած են շարք մը դիտողութիւններ, որոնք պէտք է նկատի առնուին:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ելեւմտական մարզի կայունութիւնը կրնայ քաջալերել ներդրողները` Լիբանանին զօրակցելու նպատակով:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին մաս չկազմող սիւննի համայնքի այլ հեղինակութիւններ սկսած են Սէուտական Արաբիոյ քաղաքականութեան մէջ տարբերութիւններ նշմարել, այն իմաստով, որ անոնք սկսած են զգալ, թէ Ռիատ բոլոր սիւննիներէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ հանրապետութեան նախկին նախագահներուն եւ վարչապետներուն կողմէ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարութեան յղուած նամակը ամօթալի է եւ ուղղուած հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի դէմ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը կը զօրակցին համամասնական ընտրական օրէնքի գործադրութեան` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանան մէկ ընտրաշրջան պիտի չդառնայ, այլ պիտի բաժնուի 13 ընտրաշրջանի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ի վերջոյ բոլորն ալ պիտի վերադառնան նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան մշակած ընտրական օրէնքին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սալահ Հընէյն շեշտեց, որ անհրաժեշտ է անպայման ընտրական նոր օրէնքին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնել 30 ապրիլէն առաջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ հաստատեց, որ իրենք անկարելի է քննարկեն կամ ընդունին Ուղղափառ հանդիպումի ընտրական օրէնքին վաւերացումը, որովհետեւ անիկա օրէնք մըն է, որ կը սպառնայ լիբանանցի ժողովուրդին միասնականութեան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ նախկին նախագահներուն եւ վարչապետներուն կողմէ Արաբական լիկային յղուած նամակը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի համար ուժի աղբիւր է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ իրենք Սէուտական Արաբիոյ մօտ շօշափած են սիւննի համայնքի միասնականութիւնը ամրապնդելու ջանքեր` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարիի հետ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը դրական եղած է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարութիւնը որոշած է անտեսել Լիբանանի հանրապետութեան նախկին նախագահներ Ամին Ժեմայէլի եւ զօր. Միշել Սլէյմանի, եւ նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթիի, Ֆուատ Սինիորայի եւ Թամմամ Սալամի կողմէ յղուած նամակը:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ շիի համայնքի զոյգ քաղաքական ուժերուն հետ տարակարծութեան պատճառը ընտրաշրջաններն են:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մտահոգ է, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ կրնայ Հըզպալլայի բանեցուցած ճնշումներուն դիմաց տեղի տալ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլի հետ լիբանանեան նաւթին շուրջ գոյութիւն ունեցող հարցը նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի օրերէն կու գայ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի անունով ընտրական օրէնքին շուրջ բանակցողներուն տեղեկացուցած է, թէ ինք պատրաստ է համամասնական դրութեան վրայ ընտրական օրէնքը քննարկելու, պայմանով որ այդ օրէնքը գործադրուի միջակ ընտրաշրջաններու մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ ընտրական օրէնքին վերաբերող խորհրդակցութիւնները կրնան պատճառ դառնալ, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը թեքնիք երկարաձգում չարձանագրէ, այլ` մէկ տարուան երկարաձգում:

 

Նախորդը

Բրիտանիոյ Վարչապետը Գործարկեց «Պերքզիթ»-ի Ընթացակարգը

Յաջորդը

Յորդանանի Մէջ Արաբական Վեհաժողովը Շեշտը Դրաւ Սուրիոյ Հողային Ամբողջականութեան Ու Ահաբեկչութեան Վնասազերծման Վրայ

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?