Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին անդրադարձաւ իշխանութեան հինգ նախկին պետերուն կողմէ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարութեան յղուած նամակին` հաստատելով, որ այդ նամակը իր ձեւին մէջ մերժելի է:
Պըրրի շեշտեց, որ այդ նամակին հեղինակներէն ոչ ոք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ գժտուած է, «ընդհակառակն` անոնք հանրապետութեան նախագահին հետ մեզմէ աւելի կը հանդիպին: Հետեւաբար, ինչո՞ւ Լիբանան այդ ձեւով պէտք էր ներկայանար Արաբական լիկայի վեհաժողովին: Այդ ձեւը խիստ մերժելի է», ըսաւ Պըրրի` աւելցնելով, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարներուն նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը շատ աւելի խնայած էր մեզ, քան ինչ որ կը կատարենք մենք` իրարու նկատմամբ:
Պըրրի յայտնեց, որ Արաբական լիկայի 13 վեհաժողովներու բանաձեւերուն մէջ յիշուած են «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եւ «հարաւային Լիբանանի ազատագրում» տարազները, «սակայն ըստ երեւոյթին անոնցմէ ոչ մէկը նշմարած է, թէ ի՛նչ կատարուած է հարաւային Լիբանանի մէջ 1982-ին, 1987-ին, 1993-ին, 1996-ին, 1999-ին, 2000-ին եւ 2006-ին, եւ ի՛նչ պատերազմներ ու իսրայէլեան ներխուժումներ գործուած են եւ մեծ թիւով զոհեր ու վիրաւորներ պատճառած», շեշտեց խորհրդարանի նախագահը:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ մօտիկ ապագային խորհրդարանը կառավարութիւնը պիտի հրաւիրէ ընդհանուր քննարկումի նիստի մը:
Իսկ ընտրական օրէնքին մասին Պըրրի յայտնեց, որ անկարելի է նոյն ընթացքով շարունակել եւ յաւելեալ ժամանակ կորսնցնել: