Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պիլալ Պատըր» Խմբակի Հրապարակէն Հեռացման Լուրերու Լոյսին Տակ. Զգուշաւոր Հանդարտութիւն` Այն Հելուէ Գաղթակայանին Մէջ

Ապրիլ 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եռօրեայ բախումներէն ետք վերջապէս պաղեստինեան Ֆաթհ եւ միացեալ ուժերը երէկ յաջողեցան իրենց հակակշիռին տակ առնել Սայտայի պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանի Թիրէ թաղամասը, որ թիրախ եւ հանդիսավայր դարձած էր վերջին զինեալ բախումներուն: Մուտք գործելէ ետք նշեալ թաղամասը, պաղեստինեան միացեալ ուժերը գումարեցին ժողով մը, որուն ընթացքին որոշեցին վերջ տալ արմատական «Պիլալ Պատըր» խմբակի երեւոյթին եւ լուծարքի ենթարկել զայն: Նաեւ` ժողովականները հաստատեցին, որ պաղեստինեան միացեալ ուժերը լիազօրութիւն ունին հետապնդելու եւ ձերբակալելու Պիլալ Պատըրը եւ ապա զայն լիբանանեան ապահովական պատկան ուժերուն յանձնելու:

Մինչ այդ, Պիլալ Պատըր իր զինակիցներուն հետ իրապէս «անհետացաւ» հրապարակէն, այնպէս ինչպէս տարիներ առաջ Նահր Պարետի դէպքերուն «ախոյեան» նկատուած յանցագործ Շաքեր Ապսի եւս անյայտացած էր ու ցարդ «անհասանելի է»:

Միւս կողմէ, տիրող լարուած մթնոլորտի լոյսին տակ, երրորդ օրն ըլլալով պատկան մարմիններ որոշեցին այսօր դարձեալ փակ պահել Սայտայի եւ յատկապէս Այն Հելուէի կրթական հաստատութիւններն ու համալսարանները:

Նշենք, որ օրերու վրայ երկարած զինեալ բախումներուն պատճառով գաղթակայանէն մեծ թիւով պաղեստինցիներ հեռացած էին` ապահովութեան նկատառումով: Նաեւ` մեծ թիւով վաճառատուներ եւ բնակարաններ վնասուած են մարդկային բազմաթիւ զոհերու եւ վիրաւորներու կողքին:

Այս գծով պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ բարձր գնահատեց Սայտայի ապահովական ուժերու, յատկապէս` լիբանանեան բանակի դերակատարութիւնը կայունութեան հաստատման եւ բախումներու ծաւալման կանխարգիլման գծով:

Երէկ ուշ գիշերին, լարուածութիւնը աւելի սուր բնոյթ ստացաւ յատկապէս պաղեստինեան միացեալ ուժերուն մէջ տիրող տարակարծութեան պատճառով, մասնաւորաբար Ֆաթհի եւ միացեալ ուժերու ղեկավարութեանց միջեւ: Առ այդ, պաղեստինեան միացեալ ուժերու տեղակայումը գաղթակայանի «տաք» շրջաններուն ու յատկապէս Թիրէ թաղամասին մէջ յետաձգուեցաւ այսօրուան օրուան` առիթ տալու համար եւ տարակարծութեանց հարթումին եւ յաւելեալ խորհրդակցութիւններու:

 

Նախորդը

Նախկին Երեսփոխան Սամիր Ֆրենժիէ Ոչ Եւս Է

Յաջորդը

Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգման Եւ Ընտրական Նոր Օրէնքի Մշակման Գծով Բանավէճը Աւելի Եւս Կը Սաստկանայ

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային  Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ,  Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»
Լիբանանեան

Պատասխանելով Հըզպալլայի Բաց Նամակին` Սալամ. «Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Որոշումը Վերապահուած Է Պետութեան, Եւ Ոչ Ոք Այդ Որոշումը Տալու Իրաւասութիւն Ունի»

Նոյեմբեր 8, 2025
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնն Ու Եուրոփոլը Կը Նշեն.  «Հըզպալլան Տակաւին Վտանգաւոր  Կազմակերպութիւն Մըն Է, Որ Մտադիր Է  Արտասահմանի Մէջ  Իր Ներկայութիւնը Պահպանել»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Այսուհետեւ Իրանին Եւ Հըզպալլային Կարելի Չէ Արտօնել Լիբանանը Գերի Պահել»

Նոյեմբեր 8, 2025
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Թեհրան. «Կը Դատապարտենք Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Վայրագ Օդային Յարձակումները»

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?