Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգման Եւ Ընտրական Նոր Օրէնքի Մշակման Գծով Բանավէճը Աւելի Եւս Կը Սաստկանայ

Ապրիլ 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Երկարաձգումը Լիբանանի Դէմ
Նոր Պատերազմի Ազդանշան Է»

 Յայտարարեց Նախագահ Աուն

Սահմանադրական կարեւորագոյն ժամկէտի աւարտին յարմարագոյն ելքի մը յանգելու առաջադրանքով խորհրդակցութիւնները առանցքը կազմեցին երէկ առնչակից զանազան կողմերու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումներու թէ նիստերու ընթացքին:

Արդարեւ, յառաջիկայ յունիսին նախատեսուող երեսփոխանական ընտրութեանց յետաձգման եւ հետեւաբար գործող խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման, կամ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակմամբ նոր խորհրդարանի կազմութեան ձախողութեան պարագային, սահմանադրական դատարկութիւնը կը թուի ըլլալ ամէնէն անբաղձալի ընտրանքը: Աւելի՛ն, խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երրորդ անգամ երկարաձգումը «Լիբանանի դէմ նոր պատերազմի ազդանշան է», ընդգծեց նախագահ Միշել Աուն` անուղղակիօրէն հակազդելով երեսփոխան Նիքոլա Ֆաթթուշի ներկայացուցած «գործող խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով, մինչեւ յունիս 2018 երկարաձգելու» առաջարկին:

«Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, նախագահ Աուն իր սահմանադրական ու քաղաքական լիազօրութիւնները պիտի օգտագործէ ձախողեցնելու համար «երկարաձգման» ընտրանքը:

Նոյն ծիրին մէջ, երէկ նախագահ Աուն իր այցելուներուն հետ խորհրդակցութեան աւարտին հանգստացուցած էր քաղաքացիները, թէ յուսահատելու պէտք չկայ եւ տակաւին կացութիւնը փրկելու առիթ կայ` ընտրական նոր օրէնքի բանաձեւումով եւ որդեգրումով:

Սակայն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորութեամբ երէկ կէսօրին գումարուած խորհրդարանի դիւանի նիստի աւարտին երեսփոխաններուն ուղղուած վաղը` հինգշաբթի կէսօրին օրէնսդիր իշխանութեան ընդհանուր ժողովի գումարման կոչը, «բռնկեցուց» կացութիւնը` մերժումի եւ ընդվզումի բուռն ալիք մը բարձրացնելով քաղաքական եւ յատկապէս կուսակցական շրջանակներու մօտ:

«Փողոց Իջնելու Կոչ»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի հերթական նիստի աւարտին կոչ ուղղեց քաղաքական, կուսակցական թէ ժողովրդային շրջանակներուն` մերժելու «երկարաձգման» ընտրանքը: Յատկապէս Հըզպալլային եւ Մուսթաքպալ հոսանքին ակնարկելով Պասիլ ըսաւ. «Երբ Հըզպալլա Իսրայէլին դիմադրեց, հետեւեցանք անոր, եւ երբ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի նահատակուեցաւ `ցաւակցեցանք ու զօրակցեցանք անոր»: Պասիլ թախանձագին կոչ ուղղեց Հըզպալլային, Մուսթաքպալին եւ քաղաքական միւս խմբաւորումներուն` զօրակցելու իրենց, «պոյքոթի ենթարկելու երկարաձգման» ընտրանքը եւ չմասնակցելու հինգշաբթի կէսօրին նախատեսուող խորհրդարանի նիստին: Ան իր զօրակիցներուն կոչ ուղղեց կազմ ու պատրաստ ըլլալու` ի հարկին փողոց իջնելու հաւանականութեամբ:

Պասիլ իր խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակէ նաեւ այսօր եւ Ազգային ազատ հոսանքէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով Պքերքէ պիտի այցելէ` մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ այս հարցը քննելու:

Նոյն ծիրին մէջ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարներ Ղասսան Հասպանի եւ Մըլհեմ Ռիաշի այցելեցին Ռապիէ եւ Պաապտայի պալատ, եւ նախագահ Աունին եւ Ազգային ազատ հոսանքին զօրակցելով յայտարարեցին, թէ կը մերժեն մասնակցիլ վաղուան նիստին:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ մամլոյ ասուլիս մը տալով բուռն կերպով մերժեց խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման համար նախատեսուող վաղը` հինգշաբթի կէսօրին գումարուելիք նիստին մասնակցութիւնը: Ժեմայէլ կառավարութեան վերագրեց  «իրերու այս դրութեան յանգումը»` հարց տալով, որ չորս ամիսէ ի վեր կազմուած այս կառավարութիւնը ինչո՞ւ չկրցաւ մշակել ընտրական նոր օրէնքը:

Նմանապէս, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ուսանողական թեւը որոշած է վաղուան նշեալ նիստի գումարման զուգահեռ ցոյց մը կազմակերպել` իբրեւ բողոք երեսփոխաններու այս քայլին դէմ:

Կառավարական Յանձնախումբը  Եւս
Ամուլ  Եւ Ձեռնունայն Մնաց

Ընտրական օրէնքի մշակման առաքելութեամբ կազմուած նախարարական յանձնախումբը եւս երէկ ձեռնունայն դուրս եկաւ: Արդարեւ, երէկ կէսօրէ ետք ժամը հինգին գումարած իրենց անդրանիկ նիստին, նախարարները չկրցան բարեյաջող լուծման մը յանգիլ: Ասիկա առաւել եւս հաստատուեցաւ այն հանգամանքով, որ յանձնախումբի յաջորդ նիստի թուական չյայտարարուեցաւ:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք կատարուած իրողութիւն որակեց վաղուան նիստին խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը` հաստատելով, որ այս նիստին ներկայութիւն պիտի գոյանայ եւ երկարաձգման որոշումի քուէարկութիւնը պիտի կատարուի 35 ձայներով: «Ազգային ուխտի տրամադրութիւնները կը խախտուին, երբ երկիրը դատարկութեան կը մղուի», ընդգծեց Մաշնուք` հաստատելով, որ Մուսթաքպալ պլոքը պիտի մասնակցի սոյն նիստին:

Իսկ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր աւելի ուշ միացաւ ժողովականներուն եւ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Հարիրիի հետ:

Նաեւ` Վարչապետ Հարիրի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին ձեռնարկեց զանազան խորհրդակցութիւններու` այս հարցին բարեյաջող ելքի մը յանգելու միտումով: Հարիրի երէկ այցելեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի` անոր Քլեմանսոյի բնակարանին մէջ: Անոնք միասնաբար քննեցին ընտրական օրէնքի զանազան տարբերակներու նախագիծերը: Երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ ներկայ էր հանդիպումին, «դրական» որակեց խորհրդակցութեանց մթնոլորտը:

 

Նախորդը

«Պիլալ Պատըր» Խմբակի Հրապարակէն Հեռացման Լուրերու Լոյսին Տակ. Զգուշաւոր Հանդարտութիւն` Այն Հելուէ Գաղթակայանին Մէջ

Յաջորդը

2026-ի Մոնտիալ. Միացեալ Նահանգներ – Մեքսիքա – Քանատա Միասնաբար Կ՛ուզեն Հիւրընկալել Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային  Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ,  Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»
Լիբանանեան

Պատասխանելով Հըզպալլայի Բաց Նամակին` Սալամ. «Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Որոշումը Վերապահուած Է Պետութեան, Եւ Ոչ Ոք Այդ Որոշումը Տալու Իրաւասութիւն Ունի»

Նոյեմբեր 8, 2025
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնն Ու Եուրոփոլը Կը Նշեն.  «Հըզպալլան Տակաւին Վտանգաւոր  Կազմակերպութիւն Մըն Է, Որ Մտադիր Է  Արտասահմանի Մէջ  Իր Ներկայութիւնը Պահպանել»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Այսուհետեւ Իրանին Եւ Հըզպալլային Կարելի Չէ Արտօնել Լիբանանը Գերի Պահել»

Նոյեմբեր 8, 2025
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Թեհրան. «Կը Դատապարտենք Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Վայրագ Օդային Յարձակումները»

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?