Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքացիական Տխրահռչակ Պատերազմի 42-ամեակին Առիթով. Լիբանանցիք Մերժեցին Կրկնել 17-ամեայ Ողբերգութեան Դառնութիւնը

Ապրիլ 14, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

13 ապրիլ 2017-ի նախօրեակին Լիբանանի վարիչները յաջողեցան ձախողեցնել 42 տարի առաջ` 13 ապրիլ 1975-ին Լիբանանի մէջ բռնկած արիւնահեղութեան կրկնութեան մղձաւանջը: Փաստօրէն, 12 ապրիլ 2017-ին մթնոլորտը նոյնքան մթագնած էր, տրամադրութիւնները նոյնքան լարուած եւ զօրաշարժի մատնուած էին` ապահովելու այն իրաւունքները, որոնց համար բռնկած էր Լիբանանի 17-ամեայ պատերազմը (գէթ լիբանանեան դիտանկիւնէն): Գրեթէ ամբողջ երկիրը զօրաշարժի մատնուած էր բողոքի ելոյթներով ու ցոյցերով «ձեռք ձգելու» այն, ինչ որ կարելի չէր եղած իրագործել զինեալ բախումներու ճամբով: Լիբանանցիք 12 ապրիլ 2017-ին տրամադրուած էին բողոքելու զիրենք լուսանցքայնացնել եւ ժողովրդավարական կարգերը շրջանցել փորձող միջոցառումներուն դէմ, իւրաքանչիւրը` ըստ իր քաղաքական արեւելումէն մեկնած (չըսելու համար համայնքային պատկանելիութենէն): Յետպատերազմեան ժամանակաշրջանի լիբանանցիներու կարծիքով, կաշառակերութիւնը, փտածութիւնը, միջամտութիւնները, լուսանցքայնացնող դասաւորումները տակաւին առկայ են լիբանանեան վարչամեքենայի գրեթէ բոլոր մարզերուն կամ գրասենեակներուն մէջ: Գործող խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման միտող 13 ապրիլ 2017-ի նիստին կոչը կու գար երկարաձգելու տիրող անբաղձալի, ոչ նախանձելի կարգավիճակը: Իսկ 17-ամեայ պատերազմի կրկնութեան մղձաւանջը կը բխէր այն մտավախութիւններէն, որ լիբանանեան 18 համայնքներու համակեցութեամբ գոյատեւող խճանկարը կրնար փուլ գալ լարուած մթնոլորտի ճնշումին տակ եւ կրնար պատահէր անխուսափելին` զինեալ բախումներու վերսկսումը…

Հոսկէ` ժողովրդային թէ քաղաքական շրջանակներու գոհունակութիւնը չորեքշաբթի գիշերուան նախագահ Աունի հանգստացնող ու հանդարտեցնող վճռական կեցուածքէն:

Դրական Եւ Խոստմնալից Մթնոլորտ

Նախագահ Միշել Աունի մետասաներորդ պահու փրկարար միջամտութիւնը եւ նոյնքան փրկարար` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքը եւ անոնց առընթեր վարչապետ Սաատ Հարիրիի մագոգային անդուլ ճիգերը դրական ցուցանիշ նկատուեցան, թէ լիբանանցիք, յատկապէս անոնց ղեկավարները վճռած են ամէն գնով կանխարգիլել տխրահռչակ պատերազմի կրկնութիւնը եւ հարցերը լուծել քաղաքական միջոցներով: Աւելի՛ն, գէթ ներկայ փուլին, պատկան կողմերը իրենց համայնքային պատկանելիութեան «արեւելումով» «մինչեւ ակռաները չեն զինուած» այնպէս, ինչպէս էին 13 ապրիլ 1975-ի նախօրեակին:

Արդարեւ, երէկ առնչակից կողմերու ներկայացուցիչները, բարձր գնահատելով երկրի վարիչներուն պատմական կեցուածքը, իրենց կարգին շարունակեցին իրենց քուլիսային թէ բացայայտ խորհրդակցութիւնները եւ խոստմնալից յայտարարութիւններով հանգստացուցին դէպքերու զարգացումին «շնչասպառ» հետեւող քաղաքացիները:

Անոնց յայտարարութիւնները առաւելաբար կեդրոնացան խնդրայարոյց, հրատապ հիմնահարցին` ընտրական օրէնքին վրայ:

Նախագահ Միշել Աուն իր այցելուներուն կատարած յայտարարութեամբ ընդգծեց, որ լիբանանցիք պիտի ունենան իրենց ընտրական նոր օրէնքը, որ պիտի պահպանէ ու երաշխաւորէ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերը:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ մէկէ աւելի առիթներով վերահաստատեց, թէ ճիգ պիտի չխնայէ համախոհութիւն գոյացնելու խնդրայարոյց ընտրական օրէնքին շուրջ: «Անցնող հանգրուանին բոլոր ճիգերս կեդրոնացան դէպի գահավիժում մղումի կանխարգիլման վրայ, իսկ ներկայիս` բաժանումներու վերադարձի կանխարգիլման վրայ», ըսաւ Հարիրի:

Այս իմաստով հաղորդուեցաւ, որ նախարարաց խորհուրդը խիստ հաւանաբար նիստ մը գումարէ յառաջիկայ չորեքշաբթի` քննելու համար ընտրական օրէնքը:

Այս ծիրին մէջ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքի գլխաւոր գիծերուն շուրջ գրեթէ համախոհութիւն գոյացած է: Իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, ընտրական նոր օրէնքի «թեկնածութեան» գծով սլաքները սեւեռած են առաջին փուլին «որակաւորման» տարբերակին վրայ, որուն պիտի յաջորդէ ընտրական նոր փուլ` համամասնական տարբերակին հիման վրայ: Խորհրդակցութեանց «սակարկութիւնները» կեդրոնացած են երկփուլ այս ընտրական օրէնքի տարբերակին մանրամասնութիւններուն վրայ:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մէկէ աւելի «Թուիթըր»-ի գրառումներով իր դժկամութիւնը արտայայտեց առաջադրուող ընտրական օրէնքի նախագիծերուն նկատմամբ: Սակայն երէկ գիշեր ան «սկսած է» սերտել «որակաւորման» տարբերակը, այս գծով վարչապետ Սաատ Հարիրիի իրեն փոխանցած «ընտրական երաշխիքներէն» ետք:

«Առանց ընտրական նոր օրէնքի, խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը իշխանութեան բռնաբարում է, եւ եթէ պատահի` մենք կեցուածք պիտի ճշդենք», յայտարարեց մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ` շնորհակալութիւն յայտնելով այս գծով նախագահ Աունի ցուցաբերած կեցուածքին համար:

Երեսփոխան Ալեն Աուն ըսաւ. «Նկատառելի յառաջդիմութիւն կայ ընտրական օրէնքին գծով, եւ իւրաքանչիւր կողմ կրնայ իր նկատողութիւնները յայտարարել»:

Նախորդը

Ամերիկեան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?