Ս. Զատկուան եւ յարակից տօներու արձակուրդէն ետք, երէկ քաղաքական թէ կուսակցական շրջանակներու խորհրդակցութիւնները կրկին կեդրոնացան ընտրական օրէնքի հրատապ հարցին վրայ:
Յոռետեսներ մտավախութիւն յայտնեցին, թէ խօսակցութիւնները լուրջ բնոյթ չունին եւ եղածը ժամանակի կորուստ է: Անոնք անհաւանական չնկատեցին «1960-ի օրէնք»-ին վերադարձը` տիրող անորոշութեան մթնոլորտին մէջ:
Միւս կողմէ, լաւատեսները երէկ շարունակեցին հանգստացնել պատկան կողմերն ու քաղաքացիները, թէ սերտ ու անդուլ ճիգեր կը տարուին բարեյաջող ելքի մը յանգելու` նախքան 15 մայիս 2017-ի ժամկէտը:
Ոմանք նոյնիսկ հաւանական նկատեցին, որ ժողովուրդը կրկին «փողոց իջնէ» ընտրական օրէնքին շուրջ համախոհութեան բացակայութեան պարագային, նախքան 15 մայիսի ժամկէտը:
Այս ծիրին մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, նախկին նախարարներ Ղազի Արիտիի ու Ֆարես Պուէյզի եւ երեսփոխան Ժորժ Ատուանի հետ:
«Խորհրդարանի նախագահը քաջ կը գիտակցի ներկայ փուլի զգայնութեան եւ դատարկութեան որեւէ կարգավիճակէ խուսափելու հրամայականին, որովհետեւ սահմանադրական դատարկութիւնը համազօր է վարչամեքենայի հաստատութիւններու մահուան», ընդգծեց նախկին արտաքին գործոց նախարար Ֆարես Պուէյզ` խորհրդարանի նախագահին վերագրելով իր խօսքերը:
Նմանապէս երեսփոխան Ժորժ Ատուանի հետ խօսակցութեանց առանցքը կազմած է ընտրական օրէնքը, որուն գծով խորհրդարանի նախագահը Ատուանին թելադրած է. «Նախ քրիստոնեաներդ դուք ձեր միջեւ համաձայնեցէ՛ք»:
«Կը թուի, թէ ոմանք անցեալի դառն դէպքերէն դաս չեն առած», շեշտեց նախկին նախարար Ղազի Արիտի` նշելով, որ կը գտնուինք անկիւնադարձային վտանգաւոր փուլի սեմին, ինչ որ հրամայական կը դարձնէ ընտրական օրէնքին շուրջ համախոհութեան յանգելու ընտրանքը:
Մուսթաքպալ պլոքը իր հերթական նիստի աւարտին հաղորդագրութեամբ մը անհրաժեշտ նկատեց Թաէֆի համաձայնագիրի հիման վրայ ընտրական օրէնքի մը բանաձեւումը:
Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին իր այցելուներուն հետ քննեց ընտրական օրէնքը: «Ճիշդ է, որ այս շաբթուան ընթացքին ընտրական օրէնքի քննարկման հարցով կառավարական նիստի թուական չյայտարարուեցաւ, սակայն աշխուժ ճիգեր կը գործադրուին, որ այս հարցին շուրջ ժողով մը գումարուի` յանգելու համար շօշափելի արդիւնքներու», յայտարարեց փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի վարչապետ Հարիրիի հետ իր տեսակցութենէն ետք:
«Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը իր երեկոյեան լուրերու հաղորդումով ընդգծեց, որ ընտրական օրէնքին վերաբերեալ քուլիսային խորհրդակցութիւններ հաւաստիացուցած են կողմերու համաձայնութիւնը «որակաւորման» տարբերակին գծով:
«Կ՛ուզենք ստուգել բոլորին մտադրութիւնները, եւ մեր դիմաց չկայ ելք բացի ընտրական նոր օրէնքի մշակումէն, որուն վերաբերեալ կը ջանանք անհրաժեշտ համախոհութիւն գոյացնել», յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ` վերահաստատելով ո՛չ դատարկութեան, ո՛չ երկարաձգման, ո՛չ «1960-ի օրէնք»-ին գծով երեք «ոչ»-երը: «Մենք մեր ընտրանքին համար թիրախ դարձած ենք եւ այդ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ կը շեշտենք ընտրական նոր օրէնքի` «ազատութեան օրէնք»-ի մշակումը, առանց որուն կայունութիւն չկայ երկրին մէջ», շեշտեց Պասիլ: «Մենք մէկ ամիս պիտի չսպասենք», ընդգծեց Պասիլ:
Իր կարգին, նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, որ արտաքին գործոց նախարարութիւն այցելած էր երէկ, նախարար Պասիլի հետ իր խորհրդակցութեան աւարտին մաղթեց, որ կողմերու մտադրութիւնները անկեղծ ըլլան ընտրական օրէնքին առնչութեամբ:
«Զանազան կողմերէ դրական նախանշաններ ստացած ենք ընտրական օրէնքի «որակաւորման» տարբերակին վերաբերեալ յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրապիմ Քանաան երէկ:
«Վանայ ձայն»-ի արաբերէն յայտագիրին իր արտայայտած կեցուածքներուն ծիրին մէջ, երեսփոխան Քանաան նշեց, որ նախագահ Աուն իր լիազօրութիւնները օգտագործեց պաշտպանելու եւ պահպանելու համար սահմանադրութիւնը: Քանաան դիտել տուաւ, որ Ազգային ազատ հոսանքը առանձինը չէր երկարաձգման իր մերժումին մէջ եւ թէ քաղաքական այլ խմբաւորումներ եւս մերժեցին, ինչպէս` Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը, Լիբանանեան ուժերը եւ ՀՅԴ-ն:
Իսկ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխան Հանի Քպէյսի շեշտեց, որ «ընտրական օրէնքին վերաբերեալ մեր ծրագիրը կը հակի 64-64 «խառն» տարբերակի ընտրանքին: «Այսուհանդերձ, մենք բաց ենք…» ընտրական օրէնքի զանազան տարազներուն, կարեւորը` որեւէ տարազի շուրջ, որ համաձայնինք, անիկա իրականացնէ արդար ներկայացուցչութիւն», ընդգծեց Քպէյսի:
Նաեւ` Արտաքին Մակարդակի Վրայ
Ընտրական օրէնքի մշակման հարցը առկայ էր նաեւ լիբանանեան կողմերու արտաքին խորհրդակցութեանց մէջ:
Արդարեւ, Զօրակցութեան միջազգային խմբաւորումը երէկ լիբանանեան պատուիրակութեան հետ իր խորհրդակցութեան ընթացքին վերահաստատեց այս խմբաւորումին զօրակցութիւնը Լիբանանին` անհրաժեշտ նկատելով, որ առնչակից կողմերը համախոհութեան յանգին ընտրական օրէնքին շուրջ եւ Լիբանանի մէջ իրականացնեն ու ամրապնդեն ժողովրդավարութիւնը: Երեսփոխաններ Ալեն Աունէն, Եասին Ժապերէն եւ Պասեմ Շապէն բաղկացած պատուիրակութեան ուղղելով իր խօսքը, Զօրակցութեան միջազգային համախմբումը անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանեան տարբեր կողմեր օգտուին տրուած մէկ ամսուան պայմանաժամէն եւ համաձայնին ընտրական օրէնքի տարազին շուրջ:
Միջազգային դրամական կազմակերպութեան կողմէ Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած երկօրեայ այս համագումարին, կազմակերպութեան նախագահ Ճիմ Եունկ Քիմ վերահաստատեց միջազգային դրամական կազմակերպութեան յանձնառութիւնը` օժանդակելու, յարմար փոխատուութիւններ կատարելու եւ դրամական դիւրութիւններ տալու Լիբանանին:
Նշեալ երեսփոխաններուն կողքին, փոխվարչապետ եւ առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի այսօր ելեւմուտքի նախարարութենէն եւ Կեդրոնական դրամատունէն բաղկացած պատուիրակութեան մը հետ կը մեկնի Ուաշինկթըն` միանալու լիբանանեան պատուիրակութեան:



