Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Ապրիլ 20, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական պիւտճէի հարցերու երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յանձնախումբը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 25 ապրիլ 2017-ին: Նիստին ընթացքին ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ պիտի զեկուցէ 2017-ի պետական պիւտճէի ծրագիրին մասին եւ տեղի պիտի ունենայ միտքերու փոխանակում:

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի «որակաւորման» տարբերակը քաղաքական եւ համայնքային խառնուրդ մը կը նկատուի` աւելցնելով, որ Լիբանան կարիքը ունի փոխանցման շրջանի մը, որուն ընթացքին երկիրը համայնքային իր բնոյթէն ազգայինին պիտի անցնի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղը սղած է 400 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի թիթեղը` 500 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին սակը` 300 լ. ոսկիով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռայա Հասան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ամսական աշխատավարձ եւ աշխատավարձի յաւելումներ պահանջողը պէտք է տուրքերու ընդմէջէն ֆինանսաւորէ զանոնք:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռոնի Արայժի յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի առաջադրած ընտրական օրէնքի տարբերակին մահը կարելի է գուժել` նկատի ունենալով անոր նկատմամբ արտայայտուած տեսակէտները:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն միջեւ ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնելու եւ ազգային միասնականութեան մասին համախոհութիւն գոյացնելու մտադրութիւն չկայ: Ան զգուշացուց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը վտանգելու փորձերէն` կոչ ուղղելով լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն նահանգներու մակարդակի վրայ համամասնական դրութիւնը վաւերացնելու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ ընտրական օրէնքի «որակաւորման» տարբերակին դէմ ընդգծուող վարուելակերպը օրըստօրէ կը շեշտուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի «որակաւորման» տարբերակը զիրենք կը վերադարձնէ դէպի համայնքային եւ յարանուանական դրութիւն, կը հակադրուի երկրին սահմանադրութեան հետ եւ անոր գործադրութիւնը անկարելի է:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ «Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը Լիբանանի համար հպարտութիւն է` հաստատելով, որ անհրաժեշտ է պահպանել այդ ընկերութեան աշխուժութիւնը եւ անկէ հեռացնել զայն շրջապատող թոյները:

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ կացութիւնը կը մնայ նոյնքան լարուած եւ խախուտ իրավիճակի մէջ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժամիլ Սայիտ յայտնեց, որ աշխարհը դէպի յառաջ կ՛ուղղուի, իսկ լիբանանցիները նահանջի մէջ են` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր համայնք պիտի ընտրէ իր ներկայացուցիչները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ իրենց յայտնած է, թէ Մուսթաքպալ հոսանքը, Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը ընտրական օրէնքի «որակաւորման» տարբերակին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, ընտրական օրէնքի «որակաւորման» տարբերակին շուրջ կարելի չէ եղած համախոհութիւն գոյացնել, եւ այդ պատճառով ալ երեսփոխան Ալի Պեզզիի առաջադրած ընտրական օրէնքը քննարկումի առարկայի վերածուած է:

 

Նախորդը

Ակնարկ. Ֆիյոնն Ու Լը Փենը Կը Փոխլրացնեն Զիրար` Արցախեան Հակամարտութեան Լուծման Տարբերակներով

Յաջորդը

Սարրաֆ Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Կացութիւնը

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?