Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Իր Այցելուներուն Հետ Քննեց Երկրի Ապահովական Վիճակն Ու Ընդհանրական Հարցեր

Ապրիլ 19, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկրի ապահովական վիճակն ու բանակին առնչուող հարցեր առանցքը կազմեցին երէկ նախագահ Միշել Աունի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի միջեւ տեղի ունեցած խորհրդակցութեանց:

Զօր. Ժոզեֆ Աուն տօնական, շնորհաւորական այցելութեամբ երէկ բանակի զինուորական խորհուրդի եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով այցելեց Պաապտա:

Նախքան այդ, նախագահ Աուն ընդունեց Եթովպիոյ նախագահին յատուկ պատուիրակը` Մոհամետ Տերիր Կետտին, որ Եթովպիոյ վարչապետին` Հայլա Մարիամ Տիսալինի կողմէ գրաւոր նամակ մը յանձնեց Լիբանանի մէջ գործող եթովպիացի աշխատաւորներու կացութեան եւ երկկողմանի յարաբերութեանց մասին: Այս առիթով նախագահ Աուն հաստատեց, որ եթովպիացի աշխատաւորները լիբանանեան պետութեան յատուկ հոգածութեան կ՛արժանանան:

Նախագահական Ուշագրաւ Քայլ Մը

Միւս կողմէ, նախագահ Միշել Աուն երէկ նախընթաց մը կատարելով Պաապտայի պալատին դռները բացաւ մանուկներու եւ ուսանողներու անջատ պատուիրակութիւններու առջեւ:

Պաապտայի պալատի պարտէզին մէջ հիւրընկալելով մանուկները` նախագահ Աուն եւ առաջին տիկին Նատիա Աուն ողջագուրեցին եւ նկարուեցան բարեսիրական հաստատութիւններու հովանիին տակ գտնուող որբ մանուկներուն հետ:

Այս առիթով մանուկները շրջեցան Պաապտայի պալատին զանազան բաժանմունքները եւ մասնակցեցան Ս. Զատկուան հաւկթախաղի մրցումին: Ինչպէս նաեւ անոնք հանդիսատես եղան յատուկ թատրերգութեան` «Քազատու» թատերական խմբակին կողմէ:

Նաեւ` Աշակերտներու Հետ

Աւելի ուշ, նախագահ Աուն եւ առաջին տիկինը ընդունեցին նաեւ զանազան դպրոցներէ աշակերտական պատուիրակութիւններ: Այս առիթով նախագահ Աուն աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ. «Լիբանանի անկախութեան համար իմ ամբողջ պայքարս ձեր եւ իմ զաւակներուս սիրոյն էր, եւ պետութեան պարտականութիւնն է աշխատանք ապահովել այս վարժարաններու շրջանաւարտներուն»:

Իր կարգին, նախագահ Աունի խորհրդականը եւ դուստրը` Քլոտին Աուն Ռուքոզ հաւաստեց, որ այսուհետեւ նման այցելութիւններ յաճախակիօրէն պիտի կրկնուին Պաապտայի պալատին մէջ:

 

Նախորդը

Աւետելով Լիբանան – Ռուսիա Ուղղակի Թռիչքներու Հաստատման Ճիգերը` Նախարար Աւետիս Կիտանեան Անհրաժեշտ Նկատեց Զբօսաշրջական Գործակցութեան Աշխուժացումը Լիբանանի Եւ Ռուսիոյ Միջեւ

Յաջորդը

Տօնական Արձակուրդէն Ետք Եւ 15 Մայիսի Ժամկէտին Ընդառաջ. Ընտրական Օրէնքը` Դարձեալ Քննարկման Առանցքային Նիւթ

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?