Հակառակ խաղաղարար միջնորդական ճիգերուն եւ կոչերուն, երէկ բախումները մերթ մեղմ, մերթ սաստիկ կերպով շարունակուեցան Սայտայի Այն Հելուէ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ:
«Ուսպաթ Անսար»-ի կողմնակիցներէն` արմատական «Պիլալ Պատըր» խմբակին եւ պաղեստինեան ապահովական ուժերուն միջեւ բախումները շարունակուեցան` քաղաքական ու զինուորական լուծումներու մրցակցութեան միջեւ:
Արդարեւ, «Պիլալ Պատըր» խմբակը, որ նախանցեալ օր առաջարկած էր իր հակակշիռին տակ եղող շրջանները յանձնել պաղեստինեան ապահովութեան ուժերու հսկողութեան, փոխարէնը խոստանալով հեռանալ շրջանէն, երէկ նոյն ծիրին մէջ այցելեց գնդապետ-զօրավար Խտըր Համմուտի: Արդարեւ «Ուսպաթ Անսար»-էն պատուիրակութիւն մը երէկ կէսօրէ ետք հանդիպում մը ունեցած է լիբանանեան բանակի Սայտայի գաղտնի սպասարկութեանց պատասխանատու գնդապետ-զօրավար Խտըր Համմուտի հետ, վերջինին գրասենեակին մէջ: Պատուիրակութիւնը առաջարկած է քաղաքական համախոհութիւն մը գոյացնել եւ վերջ տալ բախումներուն` խոստանալով «ծայրայեղական» Պիլալ Պատըրը իր հակակշիռին տակ պահել «պարտադիր կեցութեան» կարգավիճակով:
Սակայն պաղեստինեան ապահովական միացեալ ուժերու եւ Ֆաթհի ղեկավարութիւնը մերժած է Պատըրի գծով այս եւ նախկին լուծման առաջարկները` ընդգծելով, որ «որոշումը վճռուած է, եւ Պիլալ Պատըր պէտք է անձնատուր ըլլայ»:
Առ այդ յայտարարուեցաւ կարճատեւ զինադուլ, որ սակայն շուտով խախտեցաւ` պատճառելով նոր զոհեր:
Ըստ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին, զոհերու թիւը մինչեւ երէկ երեկոյեան բարձրացած է 10-ի` աւելի քան քառասուն վիրաւորներու կողքին:
Ուշ երեկոյեան զգուշաւոր հանդարտութիւն տիրեց գաղթակայանին մէջ, Պիլալ Պատըրի «անհետացման» լուրին մասին տեղեկութիւններէն ետք: Սակայն «Նաշրա» կայքին համաձայն, լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժեր խիստ հսկողութեան տակ պահած են գաղթակայանի շրջակայքը, արգիլելով որեւէ անօրէն տարրի գաղթակայանէն դուրս մեկնումը եւ ընդգծելով, որ Սայտայի ապահովութիւնը կարմիր գիծ է:
Միւս կողմէ, Դիմադրութեան հոգեւորականներու համաշխարհային համադաշնակցութեան նախագահ շէյխ Մահէր Համմուտ երէկ զգուշացուց «Այն Հելուէ գաղթակայանին դէմ նիւթուող սադրանքէն, որոնք կը սպառնան նոր Նահր Պարետ կամ Եարմուք մը ստեղծել գաղթակայանին մէջ»:
Բախումներու եւ լարուած մթնոլորտի լոյսին տակ, բարձրագոյն կրթութեանց եւ գիտութեանց փոխնախարար Այման Շուքէյր որոշեց այսօր եւս փակ պահել Սայտայի կրթական հաստատութիւններն ու համալսարանները:



