Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերջ Տալով Վեցօրեայ Բախումներուն` Պաղեստինեան Միացեալ Ուժերու Եւ Ֆաթհի Զինեալներ Տեղակայուեցան Բախումներու Թիրախ Դարձած Դիրքերու Վրայ

April 13, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուրջ շաբաթէ մը ի վեր շարունակուող զինեալ բախումներէն ետք, երէկ վերջապէս պաղեստինեան միացեալ ուժերը յաջողեցան մուտք գործել Այն Հելուէ գաղթակայանի Թիրէ թաղամաս եւ տեղակայուեցան բախումներու թիրախ դարձած դիրքերու  եւ շրջաններու մէջ: Անոնք խուզարկեցին նշեալ թաղամասին մէջ գտնուող Պիլալ Պատըրի տան «մնացորդաց»-ը, առանց սակայն Պատըրի հետքը գտնելու:

Նախքան այդ, Պաղեստինեան միացեալ ուժերն ու Ֆաթհի հրամանատարութիւնը կրկին ժողով գումարած էին` հարթելու համար նախանցեալ օրուան ժողովին տրուած որոշումներուն շուրջ ծագած տարակարծութիւնները Ֆաթհի եւ միացեալ ուժերուն միջեւ:

Ժողովականները համաձայնած են հետեւեալ կէտերուն շուրջ.

– Վերջ տալ վեց օրերէ ի վեր շարունակուող բախումներուն:

– Զինեալ տարրերը հեռացնել հրապարակէն, յատկապէս բախումներու վայրերէն:

– Պաղեստինեան միացեալ ուժերու տարրերու տեղակայումը բախումներու թիրախ դարձած դիրքերու մէջ:

Այսուհանդերձ երէկ մերթ ընթ մերթ լսուեցան կրակոցի եւ արձակազէնի փամփուշտներու ձայներ:

Նշենք, որ Պիլալ Պատըր, մերժելով ենթարկուիլ միացեալ ուժերու նախանցեալ օրուան ժողովի որոշումներուն եւ պայմաններուն, երեքշաբթիէն չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին շարունակած էր իր յարձակումը` վիրաւորելով հինգ պաղեստինցիներ:

Քաղաքական Խորհրդակցութիւններ

Զինուորական ճակատի հանդարտեցման զուգահեռ երէկ շարունակուեցան քաղաքական միջնորդական ու խաղաղարար ճիգերը: Սյս ծիրին մէջ նախագահ Միշել Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Ժոզեֆ Աունը եւ գաղտնի սպասարկութեան պետ գնդապետ-զօրավար Անթուան Մանսուրը: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին Սայտայի եւ յատկապէս Այն Հելուէ գաղթակայանի ու անոր շրջակայքի մայրուղիներու ապահովութեան  ամրապնդման միջոցառումները:

Նոյն ծիրին մէջ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ ընդունեց բանակի հրամանատար զօրավար Ժոզեֆ Աունը: Անոնք միասնաբար քննեցին երկրին, յատկապէս Սայտայի ու Այն Հելուէի ապահովական վերջին զարգացումները:

 

 

Նախորդը

Մենք Չենք Կրնար Բաւարարուիլ Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Այս Արդիւնքներով

Յաջորդը

Փորձելով Արդարացնել Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգման Իր Ընտրանքը` Պըրրի. «Երկարաձգումը Թոյն Մըն Է, Որ Հարկադրուած Ենք Կուլ Տալու»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.